Պըրրի Ընդունեց Թըրրոն Եւ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Հազիմ Պատրիարքին Վախճանումին Առիթով
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրոն եւ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէն, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ հարցերը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Միւս կողմէ, յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին վախճանումին առիթով, Պըրրի ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, երեսփոխան Միշել Մըրի, նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրի հետ:
Կէսօրէ ետք Պըրրի ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանող Ամալ շարժումի անդամ ուսանողներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն անդամ ուսանողներուն արձանագրած յաղթանակը նուիրեց խորհրդարանի նախագահին:

