Նախագահ Սլէյման Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Յունաստան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յունաստան, ուր դիմաւորուեցաւ Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի կողմէ:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ ապահովական պատուիրակութիւն մը:
Նախագահ Սլէյմանի եւ Փափուլիասի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին յաջորդեց միացեալ մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին Փափուլիաս հաստատեց, որ Յունաստան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան:
Ան դրուատեց նաեւ նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի պաշտպանութեան եւ անոր կայունութեան ու ազգային միասնականութեան պահպանման ի խնդիր:
Փափուլիաս ողջունեց Լիբանանի պաշտօնական չէզոք կեցուածքը` երկիրը պաշտպանելու համար Սուրիոյ տագնապին հաւանական հետեւանքներէն: Ան շեշտեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Յունաստանի կողմէ իրերօգնութիւնն ու տարբեր հանգրուաններու եւ պայմաններու ընթացքին իրարու զօրակցելու երեւոյթը:
Նախագահ Սլէյման իր կարգին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի բանեցման համար, «որովհետեւ անիկա նախապայմանն է ամրապնդելու բարգաւաճումի, խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կեցուածքներուն եւ սկզբունքներուն իրականացումը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանչնալու որոշումը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չի խնայեր Լիբանանը հեռու պահելու ժխտական ազդեցութիւններէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

