ՀՅԴ Իր Ներկայացուցած Միասնական Օրակարգին Շուրջ Համախմբեց Հայաստանի Քաղաքական Եւ Հասարակական Մարզերու Ներկայացուցիչները

Երէկ «Էրեբունի փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի «Միասնական օրակարգ` նախագահական ընտրութիւններուն համար» խորագրով խորհրդաժողովը, ուր ներկայացուեցաւ ՀՅԴ-ի կողմէ տակաւին ամիսներ առաջ առաջարկուած` 7 ծրագրային կէտերէ բաղկացած քաղաքական փլաթֆորմը:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր: Բացի անոնցմէ, ներկայ էին հասարակական մարզի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին Տիգրան Ուրիխանեան (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն), Վահէ Էնֆիաճեանը (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն), Արմէն Մարտիրոսեան (Ժառանգութիւն), Րաֆֆի Յովհաննիսեան (Ժառանգութիւն), Ռուբէն Յակոբեան (Ժառանգութիւն), Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ, ՀՀՇ-ի վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան եւ ուրիշներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան բացման խօսքին ընթացքին ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ի ներկայացուցած օրակարգային 7 կէտերը կրնան միասնական ճակատի ձեւաւորման բեմ հանդիսանալ:

Ան նաեւ նշեց, որ այս խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք է, որ իրենք վերջնականապէս պիտի յստակացնեն նախագահական ընտրութիւններուն իրենց մօտեցումները եւ ձեւը:

«Քուլիսային համաձայնութիւններու միջոցով կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ: Յստակ ճամբու քարտէսով ընտրութիւններուն մասնակցելու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք», ըսաւ Արսէն Համբարձումեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ այն կարգախօսը, որ այսօր հրաւիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին ՀՅԴ-ն հրապարակեց` «Միասնական օրակարգով` դէպի նախագահական ընտրութիւններ», լիովին համահունչ է այն իրավիճակին, որ այսօր գոյութիւն ունի եւ այն պահանջին, որ այսօր կը ձեւաւորուի հասարակութեան մէջ:

Ըստ անոր, ընտրութիւնները սովորաբար ընդունակ են որոշակի փոփոխութիւններու ակնկալիք յառաջացնելու, բայց այս մէկը, այդ ակնկալիքներուն մեկնարկային նուազագոյնի տեսակէտէն աննախադէպ է:

«Պատճառը յստակ է` ընտրութենէ ընտրութիւն մարդոց վստահութիւնը անոնց նկատմամբ հասած է նուազագոյն աստիճանի: Այս անբարենպաստ մթնոլորտը փոխելու եւ ընտրութիւնները օգտակար հոլովոյթի վերածելու ուղղուած  է «Միասնական օրակարգով` դէպի նախագահական ընտրութիւններ» կարգախօսով հասարակութիւնը համախմբելու մեր նախաձեռնութիւնը: Այսպիսի իրական կարելիութիւն մենք կը տեսնենք: Բայց որեւէ քաղաքական ուժ չի տիրապետեր հասարակական այնպիսի վստահութեան, որ կարենայ ինքնուրոյն հասնիլ յաջողութեան: Ատիկա կարծես բոլորն ալ կ՛ընդունին: Եւ ընտրութիւններու միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու միակ ճամբան ընդդիմադիր զանգուածի լիարժէք միաւորումն է ընդհանուր նպատակի եւ գործողութիւններու շուրջ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներու վատ ընթացքը փոխելու նպատակով դրուած է ՀՅԴ 7 կէտնոց օրակարգը: Ատիկա, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, անհրաժեշտ եւ բաւարար քայլերու ամբողջութիւնն է, որուն միջոցով կարելի է երկիրը դուրս բերել այս խորքային եւ բազմակողմանի ընդգրկում ունեցող ճգնաժամէն, ապահովել անոր անվտանգ եւ արագընթաց զարգացումը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  ներկայացուցիչին համոզումով` առաւելագոյնը լայն համաձայնութեան հասնելու դժուար, բայց իմաստալից ճամբան մէկն է` նախ եւ առաջ` հասնիլ այս միասնական օրակարգի ընդունման եւ անոր կատարումը երաշխաւորող ճամբու քարտէսի համաձայնեցման: Յետոյ միայն ձեռք բերել համաձայնութիւն միասնական թեկնածուի վերաբերեալ:

«Հերթականութիւնը փոխելը փակուղի է: Որովհետեւ այսպէս առնուազն կ՛ունենանք համաձայնեցուած օրակարգ, որ ինքնին չափազանց դրական ազդակ է` ուղղուած հասարակութեան, եւ կրնայ միշտ հասարակութեան համախմբման համար լաւ հիմք ծառայել: Այնուհետեւ` ոեւէ մէկը անձամբ այնպիսի հեղինակութիւն չի վայելեր, որ իր անձը ինքնին երաշխիք ըլլայ ժողովուրդին` այդքան անհրաժեշտ փոփոխութիւններու հասնելու», իր խօսքը հիմնաւորեց Արմէն Ռուստամեան: Ան նշեց, որ այսպիսի հերթականութիւնը կարելիութիւն կու տայ սկիզբէն հարցը դուրս բերել անձերուն միջեւ համեմատութիւն կատարելու` խիստ առարկայական եւ ապակառուցողական դաշտէն:

«Առանց միասնական մօտեցումներու, միասնական ընկալման, դժուար է ակնկալել լուրջ յաջողութիւն յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն», խորհրդաժողովին ընթացքին ըսաւ ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Բոլորս գիտենք եւ ամէն ընտրութենէն ետք նորէն մատով ցոյց կու տանք մեր հասարակութեան աղքատութեան բարձր աստիճանը, մենաշնորհային տնտեսութեան, ընկերային, տնտեսական, մշակութային բազմաբնոյթ իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումները: Եւ ակնկալել, որ այս վիճակին մէջ գտնուող քաղաքացին, չտեսնելով ապագայ, պատրաստ է ընտրութիւններու մասնակցիլ եւ ընտրել իր նախընտրած ուժը, իր նախընտրած թեկնածուն, դժուար է, եթէ չ՛ըսենք անկարելի», նշեց Արծուիկ Մինասեանը:

Ըստ Մինասեանի, ՀՅԴ-ի նպատակը ձեւը որակի վերածելու մէջ է:

ՀՅԴ-ի համոզումով` միասնական օրակարգն է լայն միաւորման հասնելու եւ հասարակութիւնը համախմբելու ելակէտը:

Խորհրդաժողովի ժամանակ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտնեց, որ տէ ժիւրէ սահմանադրական, իրաւական, քաղաքացիական եւ ազգային պետութիւն ունենալու ճամբուն վրայ ՀՅԴ-ի այս նախաձեռնութիւնը` քաղաքացիական օրակարգ սահմանելու հրամայականի հրապարակումը բեկումնային է եւ խոստմնալից:

Յովհաննիսեան այս 7 կէտերը ամբողջութեամբ կ՛ընդունի: Աւելի՛ն, ան նշեց, որ այդ կէտերը պէտք է ժամանակի ընթացքին բացուին, եւ նախագահութեան իւրաքանչիւր թեկնածու, որ աւելի կարեւոր է` ապագայ խորհրդարանական հանրապետութեան պարագային, իւրաքանչիւր վարչապետ նոյնպէս, պէտք է առաջնորդուին այդ 7 կէտերով:

«Մասնաւորաբար` հինգերորդ կէտին մէջ պետութեան կազմակերպիչ, կարգաւորող դերակատարումը պէտք է ենթադրէ պետութեան նոր որակ, որ կ՛ապահովէ շարքային հայաստանցիի անհատականութիւնը, իրաւունքը եւ պետականութեան պատկանելիութիւնը: Եւ ոչ ինչպէս հիմա, պետութեան անուան տակ ճզմուի շարքային հայ մարդու անհատականութիւնը», նշեց Րաֆֆի Յովհաննիսեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ շարք մը այլ կէտերու` նշելով, որ անոնք հրապարակային, համազգային եւ համամարդկային մարտահրաւէրներ են: Յովհաննիսեան յոյս յայտնեց, որ միասնաբար պէտք է կեանքի կոչեն այն, որ այսքան տարիներու ընթացքին, ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ ու բոլորիս մասնակցութեամբ, կը ներկայացուի հանրութեան` իբրեւ առաջարկ, իբրեւ իւրաքանչիւրը ինքնիրեն յաղթելու եւ իրմէ վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES