Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին` Լիբանանի Թրիաթլոնի Ախոյեանութիւն
Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թրիաթլոնի բաց ախոյեանութիւնը` Մանարայի շրջանին մէջ:
Բոլոր այն ակումբները կամ անհատները, որոնք կ՛ուզեն այս ախոյեանութեան մասնակցիլ, պէտք է իրենց անունները արձանագրեն առաւելագոյնը մինչեւ 14 դեկտեմբեր:
Կարելի է հեռաձայնել ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին` Ահմետ Խալիֆէի (70-825268), կամ անունները արձանագրել հետեւեալ հասցէին ուղարկելով իրենց ե-նամակները.
CATEGORIES Մարզական

