Էն. Պի. Էյ. Պրայընթ Ամէնէն Երիտասարդ Մարզիկը, Որ Նշանակեց Աւելի Քան 30 Հազար Կէտ

Քոպի Պրայընթ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ երէկ տեղի ունեցան 11 հանդիպումներ, սակայն յատկանշական եղաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ ճակատումը, ոչ թէ անոր համար, որ Լէյքըրզ 103-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, այլ որովհետեւ անոր մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ կարեւոր իրագործում մը կատարեց:

34 տարեկան Պրայընթ հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ նշանակեց աւելի քան 30 հազար կէտ:

Ան պէտք ունէր 13 կէտի` այդ մէկը կատարելու համար: Սակայն ան նշանակեց 29 կէտ:

14 անգամ «Օլ-Սթար»-ի մրցումին մասնակցած Պրայընթ այսպիսով հանդիսացաւ հինգերորդ մարզիկը, որ կ՛անցնի 30 հազար կէտի սահմանը:

Նախապէս այպիսի իրագործում կատարած Էին Քարիմ Ապտիւլ-Ժապպար (38,387), Քարլ Մալոն (36,928), Մայքըլ Ճորտըն (32,292) եւ Ուիլթ Չեմպըրլէյն (31,419):

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 100-98
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 92-99
Մինեսոթա Վուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս 94-104
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 104-97
Տենվըր Նակեթց – Աթլանթա Հոքս 104-108
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 95-85
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ 103-87
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 99-110
Օրլանտօ Մեճիք – Եութա Ճեզ 81-87
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 100-107
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 90-112

Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն յայտագիրը.

Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Տալաս Մավըրիքս

 

Share this Article
CATEGORIES