Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւնը Սկսաւ
Երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) սկսաւ Լիբանանի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 19 դեկտեմբեր` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մէկ հանգրուան:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ճատրակ խաղացողներ: Չորսը կը գրաւեն ընդհանուր դասաւորման առաջին չորս դիրքերը (լիբանանեան վարկանիշով), մինչ մնացեալները (թիւով` ութ), զտումի մրցումներու մասնակցելէ ետք ապահովեցին ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Այդ 12 խաղացողներն են` Ֆայսալ Խէյրալլա, Ահմետ Նաժժար, Ամրօ Ժաուիշ, Անթուան Քասսիս, Իպրահիմ Շահրուր, Պասել Շարաֆ, Թարեք Մըտալլալ, Մըհտի Քաղուրի, Ամիր Ապու Հասան, Մահմուտ Մաասարանի, Մոհամետ Միքաթի եւ Ժամալ Շամիէ:
Այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն է Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ միջազգային իրաւարար Շըհատէ Ապու Նըմրի: Անոր կ՛օժանդակեն Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Ալի Ժաուիշ եւ Ռոլան Ախրաս:

