50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1962)

Ընկ. Գ. Մխիթարեանի
Յուղարկաւորութիւնն
Ու Թաղումը

Ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 1962, երեկոյեան ժամը 7:00-10:00, Ուոթըրթաունի «Մարտիրոսեան» մեռելատան մէջ տեղի ունեցած է յարգանքի վերջին այցը` անմոռանալի ընկեր Գուրգէն Մխիթարեանի:

Հազարաւոր ընկերներ, բարեկամներ եւ համակիրներ` Մ. Նահանգներու բոլոր շրջաններէն, այցելած են մեռելատուն եւ իրենց երկիւղած յարգանքը արտայայտած` մեր վաստակաւոր ընկերոջ գործին ու յիշատակին հանդէպ:

Շաբաթ, 1 դեկտեմբեր 1962, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ ընկերներու, բարեկամներու եւ ժողովրդային խուռն բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցած է ազգային յուղարկաւորութիւն:

Յուղարկաւորութեան բոլոր կարգադրութիւններուն հսկած է Կեդր. կոմիտէն` իբրեւ սգակիր ու դագաղակիր:

Ժամը 12:45-ին դագաղը «Մարտիրոսեան» մեռելատունէն փոխադրուած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցի:

Համաժողովրդային երկիւղած յարգանքի մէջ մեր անմոռանալի ընկերոջ, ներհուն հրապարակագրին, գրագէտին եւ հաւատաւոր դաշնակցականին եռագոյնով պարուրուած դագաղը բերուած է եկեղեցւոյ ատեանը, ուր արարողութեանց նախագահած է ամերիկահայոց առաջնորդ, Հրանդ եպս. Խաչատուրեան:

Թաղման կարգը տեղի ունեցած է տպաւորիչ շուքով: Սրբազան հայրը խօսած է խորիմաստ դամբանական մը:

«Մեծ սուգի մէջ է ամերիկահայութիւնը եւ աշխարհի տարածքին, ազատատենչ հայութիւնը, մասնաւորապէս` ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի իր ընկերները:

«Հանգուցեալ Գուրգէն Մխիթարեանի կեանքը եղած է, մինչեւ վերջին վայրկեան, սերմնացանի աշխատանք: Սերմանեց իր գրիչով ու իր խօսքով:

«Մտածումի անհուն սլացքով` իր շունչը կը բաշխէր մեր ժողովուրդին, կը հասնէր անոր ծով կարիքներուն, մանաւանդ` գրականութեան անդաստանին մէջ: Իր գրիչը եղաւ բոցաշունչ, մանաւանդ ա՛յն գաղափարներով, որոնց խորհրդանիշը սփռուած է այսօր իր դագաղին վրայ: (Ակնարկ եռագոյնին):

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին եւ Հիւս. Ամերիկայի Ազգային կեդր. վարչութեան եւ առաջնորդարանի` սրբազան հայրը ներկայացուցած է իր վշտակցութիւնները մեծանուն ընկերոջ հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն:

Թաղմանական արարողութենէն ետք, մահաթափօրը ուղղուած է դէպի Ուոթըրթաունի Ռիճլոն գերեզմանատունը:

Սրբազան հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցած են կրօնական պատշաճ արարողութիւններ եւ կատարուած է օրհնութիւնը Հայաստանէն բերուած ափ մը հողին: Սրբազան հօր ձեռքով հողը սրսկուած է ընկերոջ դագաղին վրայ, ներկաներու ընդհանուր յուզումին եւ արցունքին մէջ:

Յաջորաբար դամբանականներ խօսած են ընկերներ Սեդրակ Մինաս` յանուն Կեդր. կոմիտէի եւ «Հայրենիք»-ի, Քանի Պարոնեան` յանուն Հայ երիտ. դաշնակցութեան, Զապէլ Սերոբեան` յանուն Հայ օգնութեան միութեան եւ տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան` յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի:

Դագաղը հողին յանձնուած է ներկաներուն կողմէ միաբերան երգուած «Ամենայն տեղ մահը մի է» քառեակով:

Բազմաթիւ ծաղկեպսակներ դրուած են ՀՅԴ  Բիւրոյի, Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէի, «Հայրենիք»-ի, ՀՕ Միութեան, Հայ երիտ. դաշնակցութեան եւ ուրիշներու կողմէ:

Մինչեւ ուշ գիշեր, իր բնակարանին մէջ, ոգեկոչուած է մեր ողբացեալ ընկերոջ յիշատակն ու գործը` հոծ թուով ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեան:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES