Կղզի Մը Անհետացած Է Խորհրդաւոր Կերպով…
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Աւստրալիոյ ծովափին դիմաց` հեռաւոր ջուրերուն մէջ կատարուած հետախուզութեան մը ընթացքին գիտնականներ անդրադարձան, թէ Սենտի Այլընտը չէր գտնուեր իրենց ծովային քարտէսներուն եւ նոյնիսկ համաշխարհային մեծ քարտէսներուն վրայ նշուած տեղը:
Նոյեմբերի վերջաւորութեան, 25 օրուան գիտական հետախուզական արշաւէ մը վերադարձի ճամբուն վրայ, աւստրալիացի գիտնականներու խումբ մը ուզած է ստուգել, եթէ Սենտի Այլընտ փոքրիկ կղզին իսկապէս կը գտնուէր իրենց ծովային քարտէսներուն վրայ նշուած տեղը: Սակայն բազմաթիւ փնտռտուքներէ ետք անոնք ձեռնունայն վերադարձան. կղզիէն ոչ մէկ հետք կար: Կարծէք ան անհետացած էր:
Երբ գիտնականները անոր ենթադրաբար գտնուած վայրը հասած են, անոնք միայն ջուր գտած են: Ոչ մէկ ցամաք կ՛երեւէր հորիզոնին վրայ: Այդ շրջանին մէջ, ջուրին խորերը կը հասնէին մինչեւ 1400 մեթրի, փաստ, որ կղզին մօտիկ անցեալին չէր ընկղմած: Այլապէս ջուրին յատակը նուազ խորունկ պիտի ըլլար:
Ասիկա շատ տարօրինակ էր… Այս 25 քմ երկար եւ 5 քմ լայնքով փոքր կղզին նշուած է համաշխարհային ամէնէն մեծ եւ կարեւոր քարտէսներուն վրայ, ինչպէս` «Թայմզ Աթլաս օֆ տը ուըրլտ»:
Հետեւաբար, ո՞ւր գացած է կղզին:
Կարգ մը անձեր կը մտածեն, թէ ասիկա կրնայ ըլլալ քարտէսի սխալ մը, որ կատարուած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ: Այս ձեւով, «Սի.Այ.Էյ.»-ը, որ լրտեսութեամբ զբաղող ամերիկեան սպասարկութիւնն է, բազմաթիւ տեղեկութիւններ ունի ծովեզերեայ շրջաններու քարտիսագրային տուեալներուն մասին: Կրնայ ըլլալ ան սխալած է այդ կղզին ծովային քարտէսին վրայ արձանագրելու ատեն:
***
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, ոչ մէկը կրնայ հաստատել, եթէ Սենտի Այլընտը օր մը իսկապէս գոյութիւն ունեցած է:
«Էս.Էմ.Էս.»-Ին 20-րդ Տարեդարձը
Գիտէի՞ր, թէ 2012ի Նոր տարուան առիթով «Էս.Էմ.Էս.»-երու նոր մրցանիշ մը արձանագրուած է. այդ առիթով փոխանակուած են 500 միլիոն «Էս.Էմ.Էս.»-ներ:
Առաջին «Էս.Էմ.Էս.» (շորթ մէսըճ սըրվիս) հեռաձայնային կարճ նամակը ղրկուած է 3 դեկտեմբեր 1992-ին Անգլիոյ մէջ բջիջային հեռաձայնի մը վրայ: Հեռաձայնին փոքր պաստառին վրայ գրուած էր «Մէրրի Քրիսմըս»:
Այս հեռաձայնային առաջին գրութեան հեղինակը Նիլ Փափուըրսն էր, անգլիացի ճարտարագէտ մը: Ան գործածած է իր անձնական համակարգիչը այս կարճ գրութիւնը ուղարկելու դէպի բջիջային հեռաձայն մը, բջիջային հեռաձայններու «Ճի.Էս.Էմ.»-ի ցանցին միջոցաւ: Այդ թուականէն ի վեր, միլիառաւոր «Էս.Էմ.Էս.»-ներ հետեւեցան անոր:
***
Սկզբունքով, «Էս.Էմ.Էս.»-ներու 160 տարրերը պիտի գործածուէին միայն թէքնիսիէններուն կողմէ. անոնք յաճախորդներուն ուղղուած չէին: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տային, որ մարդոց մեծ մասը կը մտածէր, թէ հեռաձայն մը պէտք էր ծառայէր «հեռաձայնելու» եւ ոչ «գրելու»:
Այս վիճակը փոխուեցաւ 2000 թուականներու կէսերուն: Անցեալ տարուան ընթացքին աւելի քան 4 միլիառ «Էս.Էմ.Էս.»-ներ փոխանակուած են աշխարհի մէջ:
Անհաւատալի, Բայց Իրաւ

Թայթենիքին ընկղմելուն 100-րդ տարեդարձին առիթով ճաշարան մը վերստեղծեց տասը տարբեր կերակուրներէ կազմուած ընթրիքը, որ կը հրամցուէր այն գիշերը, երբ նշանաւոր նաւը ընկղմեցաւ: Այս ընթրիքին գինը` իւրաքանչիւր անձի 1000 տոլար է:
- Հաւանաբար ապագային, մենք կարենանք անջրպետի վերելակ մը գործածել` երկրագունդէն հազարաւոր քիլոմեթրեր բարձր ելլելու համար:
- Չինաստանի մէջ կրնաս գնել կանաչ թէյի պաղպաղակի համով օրէօ քուքիներ:
- Ներկայիս ամպերը երկնքին մէջ շատ աւելի ցած կը կազմուին, քան տասը տարիներ առաջ:
- Գոյութիւն ունի սպանական ճաշարան մը, որ շինուած է հրաբուխի մը գագաթին, եւ ան հրաբուխի փոսերէն մէկը կը գործածէ իր ուտելիքները խորովելու համար:
- Միջին պատանի մը գիտէ մօտաւորապէս 60 հազար բառ:
- Մալեզիոյ մէջ մարդիկ «Էս.Էմ.Էս.»-ի լեզուով մեզի ծանօթ ԼօԼ-ի (բարձր ձայնով խնդալ) փոխարէն կը գրեն «HA3»:
Լուրեր` Աշխարհէն
Ամերիկայի մէջ: Իրենց տէրերուն նման, ամերիկացի կատուները եւ շուները ծանրութեան հարցեր ունին: Անոնց կէսը շատ ծանր կը կշռէ, եւ տասէն երկուքը նոյնիսկ չափազանց գէր են, նկատի ունենալով, որ անոնց տէրերը այլեւս շատ չեն շարժիր, անոնք իրենց անասունները նուազ դուրս կը հանեն պտտելու, ուստի անասունները կը գիրնան: Եւ ինչպէս մարդոց պարագային, չափազանց գիրութիւնը կրնայ նաեւ անասուններուն պարագային ծանր հիւանդութիւններ յառաջացնել:
Հարուստ մոլորակ մը: Ֆրանսացի եւ ամերիկացի աստղագէտներ գտած են ժայռոտ, շատ տաք եւ մեծ մասամբ ադամանդէ կազմուած մոլորակ մը: Սակայն ան մաս չի կազմեր մեր արեւային դրութեան. ան կը գտնուի երկրագունդէն 40 լոյսի-տարի հեռու եւ մեր մոլորակէն երկու անգամ աւելի մեծ է:
«Ալլօ՞»: Ճափոնական բջիջային հեռաձայնի սպասարկութեան ընկերութիւնը հնարած է շատ օգտակար հեռաձայնի յատուկ ծրագիր մը: Ան ամբողջովին կը թարգմանէ մեր խօսակցութիւնը, երբ մենք կը հեռաձայնենք մեր լեզուն չխօսող անձի մը: Անշուշտ կարգ մը փոքր սխալներ կրնան ըլլալ, սակայն գրեթէ ամէն ինչ հասկնալի կը դառնայ:
Աճուրդ: Հրատ մոլորակէն եկած աստղաքարերու կտորներ եւ լուսինի գետնէն 1,8 քիլօ քարի կտոր մը աճուրդով ծախուած են Նիւ Եորքի մէջ: Հրատէն աստղաքար մը, որ կով մը մեռցուցած է, երբ ինկած է երկրագունդին վրայ, ծախուած է 1375 տոլարի:
Բնապահպանութիւն: Նիւ Եորքի Սէնթրըլ Փարքը քաղաքին կեդրոնը գտնուող ընդարձակ հանրային պարտէզ մըն է: Միլիառատէր մը` Ճոն Փոլսըն, 100 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է այդ պարտէզին: Ան կը մաղթէ, որ պարտէզին լաւ հոգ տարուի, եւ որ բոլորը կարենան խաղաղօրէն օգտուիլ անկէ:
Կարմիր լոյս: Արդէն երկրին ուրիշ քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ կարմիր լոյս մը դրուած է Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք` Պոկոթայի մէջ: 2650 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող քաղաքին մէջ երբեմն արեւը շատ զօրաւոր կը զարնէ: Անոր անդրմանիշակագոյն ճառագայթները վտանգաւոր են մեր առողջապահութեան համար: Երբ ճառագայթումը շատ կ՛երկարի, լոյսը կարմիր կը դառնայ ժողովուրդին ազդարարելու, որպէսզի անոնք պահպանուին:
Ժամանց







