ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԱՊՐԻԼ 24-Ը` ՄԵ՛Ր ԿԻՐԱԿԻՆ…
Ապրիլ 24-ը մե՛ր կիրակին է: Մե՛ր յարութեան տօնն է: Մե՛ր նոր եւ հայանորոգ արարչագործութեան օրն է: Մե՛ր անմահութեան երաշխիքն է:
Սիրելի՛ ընթերցող, քեզի «ես սիրոյ պատգամ, ես սիրոյ պատգամ ունիմ, գիր ողջունաբեր» (Ս. Գրիգոր Նարեկացի):
Ապրիլ 4-ին «Ազդակ»ի տնօրէնին ներկայացուցած առաջարկիս եւ անոր դրական պատասխանին համադրումն է այս սիւնակը, որ պիտի գրուի շաբաթը մէկ անգամ:
Մեր հանդիպումէն արդէն երկու շաբաթ անցած էր եւ տակաւին չէի կրցած որոշել գրելիքս: Կարծէք, իմ ներքին խռովքս կ՛արգելակէր ոչ միայն ձեռքս, այլ նաեւ` միտքս. «Ի՞նչ նիւթի մասին եւ ինչպէ՞ս գրեմ, որ հասնիմ ընթերցողին, որուն ծանօթ չեմ, եւ ան ալ ինծի` անծանօթ…»:
Հոգեմտաւոր սպասումիս մէջ անհանդարտ, այսօր, Ծաղկազարդի մթնոլորտին ու յատկապէս մանուկներուն ուրախութեան ընդմէջէն, երեւցան դիմապատկերները յարուցեալ Տիրոջ յաղթանակին եւ քրիստոնեայ հայուն ապրիլ 24-ին, որոնց տօնակատարութիւնը, այս տարի, մէկ շաբաթ ետք պիտի համընկնէր նոյն օրը…:
Երկու տօներուն համընկնումը կը ներկայացնէ պատեհ առիթը` միասնաբար կատարելու քանի մը խորհրդածութիւններ` երկուքին յարակցութեան մասին, այսինքն` թէ՛ փոխադարձ կապին ու թէ՛ ամբողջացուցիչ առնչութեան մասին:
Հայադրոշմ դարերու նահատակները համոզուած էին, թէ Յիսուսի յարութիւնը, որ պատմական դէպք է անհերքելի, հիմնական ճշմարտութիւնն է մեր կրօնին, կեդրոնը` մեր քրիստոնէական կեանքին: Բայց մանաւանդ գրաւականն է մեր վերջնական յաղթութեան:
Հայադրոշմ դարերու նահատակները գիտէին, թէ յարուցեալ Տէրը, որ Գողգոթայի իր խաչամահով հանդիսացաւ Փրկիչը մարդերուն, իր գերեզմանէն ու մեր բոլոր խաչերուն վրայէն յայտարարած է իր հաւատարիմներուն.
«Մի՛ վախնաք: Ես յաղթեցի խաւարային աշխարհին: Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքին մէջ եւ երկրին վրայ: Եւ ահաւասիկ Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ կատարածը աշխարհին»:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կտրիճները, ինչպէս ալ անոնցմէ առաջ ու ետք` մեր բոլոր նահատակները, ոչ միայն հաւատացին այս տէրունական յայտարարութեան, այլ նաեւ անոր ուժականութեամբ ամրապնդուած` ընթացան իրենց «ճանապարհ խաչի»ները:
Այսպէս, ապրիլեան հայասպանութեան երկու միլիոն վկաները, որոնք «Գողգոթայի Սէրին վրայ» ունէին հաւատք ու վստահութիւն, իրենց կարգին, իրե՛նք դարձան «Գողգոթաներ»ու վրայ «մորթուած արշալոյսներ» ու «ցեխին մէջ նետուա՛ծ սրբութիւն»ներ, այո՛, «Արարատին վրայ խաչուած Յիսուս»ներ (Դանիէլ Վարուժան):
Այսպէս, պատմական Հայաստանի լեռներն ու բլուրները դարձան «վաստակաբեկ դիակներով… Գողգոթանե՜ր, Գողգոթանե՜ր սրբազան», իսկ մեր ապրիլեան մարտիրոսները յա՜ր կը մնան «Գողգոթայի ծաղիկներ» (Դ. Վարուժան) անմահաբո՛յր եւ յաւերժաթո՛յր…:
Այսպէս, ինչպէս կ՛եզրակացնէ Աստուածաշունչին բանիմաց բանաստեղծը, «նո՛ր արշալոյս կը պոռթկայ նահատակներուն շիրիմէն» (Դ. Վարուժան), նոյնպէս` «շաբթուան առաջին օրը, արշալոյսին» (Ղկ. 24,1) նոր եւ նորարար լոյսը ծագեցաւ գերեզմանէն:
«Շաբթուան առաջին օրը» (Յվհ. 20,1) կամ «Շաբաթ օրէն ետք, այն ժամուն, երբ կը սկսէր շաբթուան առաջին օրը» (Մտթ. 28,1), կիրակի՛ն էր, որուն արեւածագին դիպեցաւ Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդուն հրաշափառ յարութիւնը:
Այս սուրբգրային ճշմարտութեան ու պատմական պատահարին դիմաց` ապա ապրիլ 24-ի վկաները, «ի Մասեաց յաջ կողմանէն» եւ «ի ձեռս նոցա` խաչն փրկչական, որք երգէին եւ ասէին. «Փա՜ռք Քրիստոսի ամենազօր յարութեան» (Ս. Գրիգոր Նարեկացի):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 17 ապրիլ 2011

