ԸՍՏ ՇՈՒԷՏԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ` «ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴՈՒՆԻ ԻՐ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«Հոլոքոսթի համար հրեաներէն ներողութիւն խնդրած Գերմանիոյ օրինակով, Թուրքիա եւս պէտք է ընդունի իր մեղքը եւ ներողութիւն խնդրէ հայերէն», յայտարարեցին Շուէտի խորհրդարանի (Ռեկատաք) երեսփոխաններ` Անելի Էնոքսոնին եւ Քարլ Ֆրետերիք Մալմի:
Շուէտ-Հայաստան բարեկամութեան խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններու Հայաստանի կատարած եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իրենց հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած շուէտացի խորհրդարանականները անհրաժեշտ նկատեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերը, որովհետեւ անոնք կը ձգտէին արդարութեան վերականգնումին:
Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան խիստ կարեւոր նկատեց Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի որոշումը, որովհետեւ` «անիկա կը զուգադիպէր այնպիսի պահու, երբ հայերս թուրքերու հետ յարաբերութիւն կը մշակէինք, եւ մեր ընդդիմախօսները մեր քայլը կը նկատէին Ցեղասպանութեան գործընթացը արգելակող կամ ձախողեցնող խոչընդոտ»:
«Երկրորդ առանձնայատկութիւնը այն է այս որոշումին,- շարունակեց նախագահ Սարգսեան,- որ անիկա կու գայ Շուէտի կողմէ, որ սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ: Երեւոյթ մը, որ կրնայ օրինակ դառնալ այլ երկիրներու համար», ընդգծեց Սարգսեան: