ՀՄԸՄ-ի Ազգային Դերակատարութիւնը` Ռազմավարական Տեսանկիւնէ
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն արձանագրուած հիմնական երկու զարգացումներ մեծ ազդեցութիւն ունեցան մեր ներազգային կեանքին եւ ընդհանրապէս հայութեան աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վրայ: Առաջին հերթին, եւ գլխաւորաբար, մեր հայրենիքի վերանկախացումով, 1991 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ: Վերջին 21 տարիներուն բաւական բարեփոխումներ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, սակայն արդարօրէն կարելի է ըսել, որ պետութիւնն ու կառավարութիւնը բաւարար չափով հետամուտ չեղան ընկերային արժէքները գերադասելու աշխատանքին` նպաստելու համար հայկական քաղաքացիական հասարակութեան մը զարգացման:
Միւս կողմէ, վերջին չորս տասնամեակներուն Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցող ընկերային-քաղաքական զարգացումները պատճառ եղան մեծ թիւով հայերու արտագաղթին` դէպի արեւմտեան երկիրներ:
Աշխարհաքաղաքական այս երկու իրադարձութիւնները պարտադրեցին, որ հայկական աւանդական սփիւռքը դառնայ այլատեսակ: Փաստօրէն, այսօրուան հայկական սփիւռքը կը բաղկանայ կազմակերպուած շարք մը գաղութներէ, որոնք ունին տարբեր ենթամշակոյթներ: Գաղութներ, որոնք կը տառապին օր ըստ օրէ հայութեան թուաքանակի նուազումէն եւ կազմակերպուած կառոյցներու բացակայութենէն:
Այս նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման` հայ ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ: Ստեղծուած է ռուսահայ հսկայ սփիւռք մը, որ տակաւին նոր կը սկսի կազմակերպուիլ: Միեւնոյն ատեն, արեւմտեան երկիրներու եւ, աւելի փոքր տոկոսով, միջինարեւելեան հայկական գաղութները կը դիմագրաւեն տեղական միջավայրերու հետ համարկումի խնդիրներ: Այս բոլորին կողքին, համաշխարհայնացումը ահազանգային չափերով փոխած է մեր ճանչցած աշխարհը եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը ազդած է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներուն, յատկապէս` երիտասարդութեան կեանքին վրայ: Այս բոլորին արդիւնքը կը հանդիսանայ հայ նորահաս սերունդին մօտ զոյգ ինքնութիւններու ստեղծումը. մէկը` հայկական, երկրորդը` ծննդեան կամ բնակութեան քաղաքի ինքնութիւնը:
Ասոնք ազգային լուրջ մարտահրաւէրներ են, որոնք համապատասխան քննարկումի պէտք է ենթարկուին ազգին ապագայով մտահոգ որեւէ ղեկավարութեան կողմէ: Յստակ է, որ կրաւորական մօտեցումով, ո՛չ աւանդական հասկացողութեամբ հայկական ինքնութիւն մը կարելի պիտի ըլլայ պահպանել սփիւռքի մէջ, ո՛չ ալ լաւ քաղաքացիութիւն կարելի պիտի ըլլայ կերտել ու զարգացնել Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի նման կազմակերպութիւն մը, որ կը ձգտի սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով ազդել մեր հասարակութեան վրայ, պիտի չյաջողի իր առաքելութեան մէջ, եթէ վերադասաւորումներ եւ ռազմավարական բարեփոխումներ չկատարէ իր կառոյցին եւ աշխատանքներուն մէջ:
Նկատի առնելով վերոնշեալները` ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 10-րդ ժողովին մշակուած իր ռազմավարական ծրագիրին միջոցով վերատեսութեան ենթարկեց իր ազգային պարտաւորութիւնները եւ նախաձեռնեց կարգ մը բարեփոխութիւններու` ջանալով ինքզինք աւելի լաւ սահմանել, իր պատկերը բարելաւել եւ ամէնէն կարեւորը` աւելի յարմար լուծումներ գտնել իր դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն:
Տպաւորութեան Եւ Պատկերի Բարելաւում
ՀՄԸՄ համահայկական աշխուժ կազմակերպութիւն մըն է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Կ’ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի նման ամուր ենթակառոյցով երիտասարդական փորձառու կազմակերպութիւն մը ունենայ ազգային մակարդակի ռազմավարական համարժէք կարեւորութիւն: Իր մեծ քաշողականութեամբ եւ ոչ քաղաքական, սակայն հայրենասիրական առաքելութեամբ, ՀՄԸՄ ամէնէն յարմար կազմակերպութիւնն է ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու հայ երիտասարդներու մեծամասնութիւնը, ներառեալ` հայ իրականութենէն հեռու մնացողները:
Երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային դերակատարութեան, իրականութիւնը այն է, որ ՀՄԸՄ պարտաւոր է բարելաւել իր պատկերը հայ ժողովուրդին մօտ: Տրամաբանութիւնը կ’ենթադրէ, որ հայկական ոչ մէկ կազմակերպութիւն կամ միութիւն գործէ դատարկութեան եւ անորոշութեան մէջ, այլ բոլորը միասին պէտք է հետապնդեն ազգային մեր վերջնական նպատակը` կերտել աւելի հզօր հայութիւն: Անշուշտ, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր գործունէութեան ծիրը եւ ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները: Օրինակ, ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնն է կրթել պատանիները, երիտասարդները եւ ապագայ սերունդները` անոնց մէջ զարգացնելով աւելի լաւ արժէքներ եւ օգնելով, որ անոնք դառնան յաջող եւ յանձնառու քաղաքացիներ: Այսպիսով կ’ամրապնդուի անոնց հայկական ինքնութիւնը եւ նուիրումը հայ ազգին: ՀՄԸՄ սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով կը փորձէ հասնիլ այդ նպատակին:
Իբրեւ հաւաքականութեան` ՀՄԸՄ-ի ներդրումը մեր ժողովուրդի ընկերութեան եւ գաղութներու կեանքին մէջ յաճախ թերագնահատուած է: Այո՛, ՀՄԸՄ կը նկատուի սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան միջոցով երկարատեւ բարեկամութիւններ ստեղծող կազմակերպութիւն մը: ՀՄԸՄ կը նկատուի նաեւ մեր հաւաքական ուժի ցուցական լաւագոյն մեքենան` տողանցքներու, դրօշակի արարողութիւններու, յաջող մրցաշարքերու եւ բանակումներու ընդմէջէն: Կարգ մը երկիրներու մէջ ֆութպոլի խաղերու իր յաջողութիւնը ազգային հպարտութիւն կը ներշնչէ բոլորին: Բայց ՀՄԸՄ-ի ազգային իսկական արժէքը կը գերազանցէ այդ բոլոր հաստատումները: ՀՄԸՄ-ի արժէքը կը կայանայ այն փաստին մէջ, որ հայ պատանիներու եւ երիտասարդութեան նշանակալի զանգուած մը երկար տարիներով կը թրծուի հայկական առողջ միջավայրի մէջ եւ, իբրեւ արդիւնք, անոնցմէ շատեր հետագային կը դառնան գործօն անդամներ ու ղեկավարներ հասարակական տարբեր կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ եւ կամ կը վերածուին հայ կեանքին յանձնառու համակիրներու:
ՀՄԸՄ ազգային այն կարեւոր «գործարանն» է, որ փոքր տարիքէն կը պատրաստէ ու կը թրծէ ապագայի հայը: Ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն իր թուային պատկերը ունի, եւ շատ քիչեր ունին իր քաշողականութիւնը: Ռազմավարական տեսակէտէ այս իրականութիւնը աւելի լաւ ձեւով պէտք է գնահատուի հայութեամբ շահագրգիռ ղեկավար շրջանակներու կողմէ, որովհետեւ ատիկա եթէ ճիշդ ձեւով ընկալուի, ապա դրական բացառիկ ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր ժողովուրդի ապագային վրայ: Բայց ՀՄԸՄ-ը ինքն է, որ պէտք է բարելաւէ իր պատկերը եւ ինքզինք պատշաճեցնէ նոր իրականութիւններուն: ՀՄԸՄ-ը եւ իր ղեկավարները անդրադարձած են ռազմավարական այս կարեւոր դերակատարութեան եւ նկատի առնելով ազգին դէմ ցցուած նորագոյն մարտահրաւէրները` համոզում յայտնած են կազմակերպութիւնը բարեփոխելու նոր պահանջներու համաձայն:
Ներքին Մարտահրաւէրներ
Ներքին ճակատի վրայ, ՀՄԸՄ նախ պէտք է վերակազմակերպէ ինքզինք` դառնալու համար արդիւնաւէտ, ժամանակակից եւ աւելի գրաւիչ կազմակերպութիւն մը: Ան պէտք է շեշտէ նաեւ իր առաքելութեան հիմնական սկզբունքները: Այս երկուքը պէտք է միասին կատարուին: Ասիկա կը նշանակէ, որ ՀՄԸՄ պարտի գրաւել այսօրուան երիտասարդութեան ուշադրութիւնը` անոր մատուցելով հաճելի միջավայր, միաժամանակ հսկելով, որ երիտասարդներ դառնան հայ ազգին ծառայելու պատրաստ, պատասխանատու անձեր: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ ՀՄԸՄ պիտի ողջունէ եւ քաջալերէ իր շարքերուն մէջ եղող եւ բոլոր ենթամշակոյթներու պատկանող հայերը, յատկապէս` պատանի-երիտասարդներու այն խաւը, որ այսօր դժուարութիւն ունի հայերէնով սահուն կերպով արտայայտուելու: Առաւել, ան պիտի քաջալերէ այն բոլոր հայ պատանիները եւ երիտասարդները, որոնք հայերէնով դիւրին կը հաղորդակցին եւ մաս կը կազմեն մեր ընտանիքին: ՀՄԸՄ հաւասարապէս պիտի մօտենայ անոնց, որոնք սահմանափակ կարողութիւն ունին հայերէնով արտայայտուելու, եւ պիտի փորձէ անոնց նոյնանման առիթ եւ դաստիարակութիւն տալ:
Անշուշտ, երբեք կասկածի տակ առնուած չէ մեր անդամներուն հաւաքական եւ անհատական միութենական յանձնառութիւնն ու նուիրումը, բայց իբրեւ կազմակերպութիւն` մենք երբեմն կը մոռնանք կեդրոնանալու արդիւնքներու վրայ: Կարեւոր է, որ չշփոթենք կազմակերպութեան մը առաքելութիւնը ընթացիկ գործունէութիւններու եւ ծրագիրներու հետ, որքան ալ կարեւոր ըլլան անոնք: Մարզական մրցաշարք մը կամ կազմակերպչական աշխատանք մը նախաքայլը կամ պարզապէս միջոցը պէտք է նկատել մեր փափաքելի արդիւնքներուն հասնելու համար եւ պէտք չէ նկատել ՀՄԸՄ-ական գործունէութեան մը վերջնական նպատակը: Մեր գործունէութեան նպատակները, ծրագիրներն ու նախագիծերը պէտք է գերազանցեն ընկերային կամ նիւթական անմիջական շահերը եւ պէտք է ձգտին նուաճելու յաւելեալ գիտելիքներ, դրական վերաբերմունք եւ հաստատ արժէքներ ՀՄԸՄ-ի անդամներուն մօտ, մասնաւորաբար` պատանի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն համար: ՀՄԸՄ արդէն ունի միութենական արժէքներու իրեն յատուկ համակարգը, եւ սկաուտները ունին 12 գերազանց արժէքներ` սկաուտական դաւանանքին մէջ ամփոփուած: Մենք պէտք է յարգենք եւ գործադրենք ՀՄԸՄ-ական այս արժէքները: Ասիկա չի նշանակեր, որ միութենական գործունէութիւնը հաճելի եւ զուարճալի պահեր պիտի չունենայ, այլ պարզապէս շեշտը պիտի դրուի այն երեւոյթին վրայ, որ ղեկավարութեան աշխատանքային մօտեցումը պէտք է միշտ առնչուի օգտակար փոփոխութեան հետ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան, անհրաժեշտ է ունենալ յստակ տարբերակ մը: Այս կը նշանակէ, թէ մեր կազմակերպութիւնը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը իր սկաուտները եւ անդամները պէտք է կրթէ եւ դաստիարակէ բարոյական ու ընկերային այնպիսի արժէքներով, որ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ` անոնք կարելիութիւնը ունենան դրական ազդեցութիւն ունենալու երկրի քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովուրդին վրայ: Ասիկա միակ ձեւն է, որուն միջոցով ՀՄԸՄ կրնայ արդարացնել իր ազգային դերակատարութիւնը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ այդ է պատճառը, որ ռազմավարական կայուն ծրագիրի մը մշակումը անհրաժեշտ է` յստակացնելու համար մեր հետագայ ուղին եւ գործնականացնելու ծրագրուած աշխատանքներու արդիւնքը:
Նման նպատակի մը իրականացումը դժուար աշխատանք է եւ կ’ենթադրէ մեր կազմակերպութեան ընթացիկ մշակոյթին, արժէքներուն եւ գործունէութեան ձեւին փոփոխութիւնը: Ռազմավարական ծրագիրը պիտի փորձէ իրականացնել այդ մէկը: Ծրագիրը պատրաստուեցաւ, բիւրեղացաւ եւ համաձայնութեան արժանացաւ բազմաթիւ գործօններու մանրամասն քննարկումներէ եւ արժեւորումներէ ետք, ներառեալ` ՀՄԸՄ-ի աւանդութեան եւ փորձառութեան վերլուծումը, իր առաքելութեան եւ դաւանանքին վերատեսութիւնը, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած այժմու մարտահրաւէրներուն ուսումնասիրութիւնը եւ հայկական այլ կառոյցներու հետ աւելի սերտօրէն գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս իմաստով, քննուեցան մեր ժողովուրդին ապրած աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները եւ ժողովրդագրական տեղաշարժերը, ինչպէս նաեւ` անհաւասար թիւերով տարբեր գաղութներու պահանջները եւ անոնց մօտ աւելի ճկուն գործելու անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ հայերէնի գործածութեան եւ օգտագործման մարտահրաւէրները: Նաեւ` արծարծուեցաւ արդի արհեստագիտութեան անհրաժեշտ օգտագործումը եւ երիտասարդները ներգրաւելու նոր ձեւերու փնտռտուքը: Միաժամանակ քննարկուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան լուրջ բովանդակութիւն ունենալու հարցը, դիտել տրուեցաւ փորձառու ու նուիրեալ մարդուժի նուազումը եւ շեշտուեցաւ վարչական աշխատանքներու մէջ կամաւոր ու արհեստավարժ մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, շեշտը դրուեցաւ միութեան կառոյցին առնչուող աշխատանքային նոր ձեւեր գտնելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական ծրագրաւորումի եւ թափանցիկ հաշուապահութեան պահանջը:
Եզրակացութիւն
Համահայկական (Հայաստան-սփիւռք) այս լայն տեսանկիւնով եւ տեսլականով է, որ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 10-րդ ժողովը վաւերացուց եւ որդեգրեց միութեան ռազմավարական ծրագիրը: Կեդրոնական վարչութիւնը իւրացուց, որդեգրեց բարեփոխութիւններու գաղափարը եւ նշանակեց ռազմավարական ծրագրաւորման գործադիր յանձնախումբ մը, որպէսզի առաջնորդէ բարեփոխութեան այս հոլովոյթը: Խոստովանինք, որ մենք ունինք համարձակ, յաւակնոտ ծրագիր մը, բայց նաեւ նախատեսուած է, որ իրապաշտ մնանք: Ռազմավարական այս ծրագիրին յաջողութիւնը կախեալ է ՀՄԸՄ-ի մշակոյթին` գործելաոճին ու մտայնութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կատարելու մեր կամքէն եւ կարողութենէն: Յաջողութիւնը կ’երաշխաւորէ բոլոր մակարդակներու վրայ ճկուն եւ տքնաջան աշխատանքի լծուած ղեկավարութեան մը ընտրութիւնը: Ղեկավարութիւն մը, որ բաւարար չափով խիզախ ըլլայ, քաջ ըլլայ նախաձեռնելու, դժուար փոփոխութիւններու լծուելու եւ բաւական նուիրեալ ու յանձնառու ըլլայ գործնականացնելու իր ծրագիրը: ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 104 մասնաճիւղերուն մէջ այս ծրագիրին բացայայտումը, ծանօթացումը, ճշմարտօրէն հաւատացողներու կամ փոփոխութեան գործիչներու զինուորագրումն ու նպատակներու առաջնահերթութեան յստակացումը մեծապէս պիտի օգնեն այս ծրագիրին իրականացման:
Երբ կը նայինք դէպի մեր ազգի ապագան, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, յստակ կը դառնայ, որ մեր ճիգը պէտք է ընթանայ ՀՄԸՄ-ի իւրայատուկ արժէքներու վերահաստատման ուղղութեամբ` զարգացնել առողջ մարմին, հանրային ծառայութիւն, քաջալերել կրթութիւնը եւ ամրապնդել հայ ընտանիքը: Ճիշդ է, որ պատմականօրէն մեր միութիւնը ծառայած է այն պատանիներուն ու երիտասարդներուն, որոնք սահուն հայերէն կը խօսին, բայց այժմ ժամանակն է արդէն մեր թիրախը դարձնելու հայերէն խօսող կամ չխօսող բոլոր երիտասարդներն ու պատանիները, առանց որեւէ սահմանափակման: Պատանիներն ու երիտասարդները իրենց հայկական ինքնութեան հետ կամրջելով ու անոնց ընձեռելով դիւրութիւններ, որ ծանօթ ու առնչակից ըլլան հայկական խնդիրներու հետ, պէտք է ըլլայ մեր կարեւորագոյն կամ, աւելի ճիշդը, ամէնէն կարեւոր ազգային հեռանկարն ու նպատակը: Մարտահրաւէրը ռազմավարական վերոնշեալ նպատակներուն միջեւ հաւասարակշռութեան մը ստեղծումն է` այժմէական, հաճելի, զուարճալի եւ օգտակար գործունէութեամբ:
Երիտասարդութիւնն է, որ շատ մօտիկ ապագային Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութեան խարիսխը պիտի հանդիսանայ: Երիտասարդութիւնն է նաեւ, որ պիտի ստանձնէ սփիւռքի ղեկավարման ղեկը: Ազգային ոչ մէկ նպատակ կարելի է հետապնդել առանց հայրենասէր, աշխուժ, գործունեայ եւ նուիրեալ երիտասարդներու, որոնք պատշաճօրէն կրթուած են, հպարտ են իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ ունակ են իրենց զոյգ` հայկական եւ ոչ հայկական ինքնութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնները կարգաւորելու` այդ տուեալը առաւելութեան վերածելով: Եթէ ասիկա ազգային պատշաճ նպատակ եւ հեռանկար չէ, ուրեմն ի՞նչ է:
ՀՄԸՄ կը ծառայէ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան պատկառելի զանգուածի մը եւ առիթը ունի ծառայելու մինչեւ այսօր հայկական իրականութենէ հեռու մնացած երիտասարդներու յաւելեալ փաղանգի մը: Ռազմավարական իր ծրագիրով ՀՄԸՄ պիտի փորձէ իրականացնել ճիշդ ա՛յդ նպատակը:
(ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական ռազմավարական ծրագիրի գործադիր յանձնախումբին կողմէ)

