Ակնարկ. Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ Եւ Երբեմն Այսքան Արագ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Յաճախ կը նշուի, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. կը թուի, թէ այդ կրկնութիւնը երբեմն կրնայ շատ արագ տեղի ունենալ: Եգիպտոսի վերջին իրադարձութիւնները այդ մէկը կը յուշեն:
Եթէ պահ մը բաղդատենք Եգիպտոսի ներկայ դէպքերը այդ երկրին մէջ շուրջ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց հետ, ապա պիտի տեսնենք, որ նախագահին անունը միայն փոխուած է, իսկ դիպաշարը նոյնն է: Երէկ բախումները նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի համակիրներուն եւ անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ էին, իսկ այսօր` նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ: Երէկ նախագահ Մուպարաք պատկերասփռուած ուղերձ մը «քիչ ետք» յղելու համար Եգիպտոսի ժողովուրդն ու այդ լուրին հետեւողները ժամերով կը սպասցնէր, իսկ հինգշաբթի օր նախագահ Մուրսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին սպասուած իր պատկերասփռուած ուղերձը յղեց չորս ժամ ուշացումով: Երկու պարագաներուն ալ ուղերձը կը յղուէր, մինչ բազմահազար ընդդիմադիր ցուցարարներ նախագահին հեռացումը կը պահանջէին, իսկ նախագահը իր ուղերձին ընթացքին յամառօրէն կը մերժէր ականջ տալ անոնց ձայնին եւ անզիջող կեցուածք կ՛որդեգրէր:
Գահիրէի մէջ վերջին զարգացումներուն մէջ նորութիւնը ապահովական ուժերու եւ բանակին կեցուածքն էր: Անոնք երկու օր իրադարձութեանց բեմէն բացակայ էին: Ապահովական ուժերը նախագահական պալատին շրջապատէն հեռացան արտօնելով, որ ցուցարարները հասնին պալատին պատերուն, պալատն ու անկէ դուրս եկող ինքնաշարժները քարկոծեն եւ անոնց վրայ հրավառ ռումբեր նետեն: Ապահովական ուժերը արտօնեցին, որ նախագահին ընտանիքը Զաքզաքիէի իր բնակարանին մէջ ընդդիմադիրներու կողմէ պաշարուի: Աւելի ուշ` անոնք միջամտեցին, Մուրսիի ընտանիքը դուրս բերին իր պաշարուած բնակարանէն եւ նախագահական պալատի պատերուն տակէն նկատառելի հեռաւորութեամբ հեռացուցին ցուցարարները, որմէ ետք նախագահական պահակագունդի հրամանատարը ընդգծեց, որ իրենք ցուցարարները ճնշելու գործիք պիտի չըլլան: Այս բոլորը կը թուի Եգիպտոսի զինեալ ուժերուն կողմէ Մուրսիի ուղղուած յստակ պատգամ մը ըլլալ եւ թերեւս նաեւ` շանթաժ մը:

