Աստուածաբանութեան Ուսանողներու Այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք

11-րդ տարին ըլլալով` Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանի (Նիր Իսթ Սքուլ աֆ Թէոլոճի) զանազան երկիրներէ ժամանած քսան ուսանողներ, իրենց պատասխանատու դոկտ. Ժորժ Սապրայի գլխաւորութեամբ, չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2012-ին այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանք եւ լսեցին Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի «Հայ եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վկայութեան շրջագիծին մէջ» դասախօսութիւնը:

Նարեկ սրբազան ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ ծննդոցը, պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները եւ հայ դաւանանքին հիմնական երեսները: Ապա, ան ծանրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին բազմերես առաքելութեան վրայ:

Հարց-պատասխանի ընթացքին, ուսանողներ առաւելաբար հետաքրքրուեցան հայ հոգեւորականներու դպրեվանքեան կազմաւորումով, հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավար կառոյցով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներով, Սուրիոյ հայութեան իրավիճակով, քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մէջ ներկայութեան հեռանկարով եւ հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման առաքելութեամբ:

Ապա, ուսանողներ այցելեցին Մայր տաճար, Ապրիլեան նահատակաց մատուռ եւ «Կիլիկիա» թանգարան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES