ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնի Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Հայկական Աւանդական Կաղանդի Տօնավաճառ
Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԲԸՄ-ի Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական աւանդական Կաղանդի տօնավաճառին: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի տիկնանց համախմբումին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Գալին Վանլեան-Եաւէրեան, որ անգլերէնով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի իրագործման: Եաւէրեան յատուկ մատնանշումով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, որ իր ներկայութեամբ յաւելեալ հմայք տուաւ ձեռնարկին:
Եաւէրեան յայտնեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայացուած ձեռագործները, զարդեղէններն ու նուէրները արգասիքն են տիկնանց յանձնախումբի անդամներու ժրաջան գործունէութեան եւ ՀԲԸՄ-ի բարեկամ հաստատութեանց ցուցաբերած գործակցութեան: Ապա Եաւէրեան բեմ հրաւիրեց նախարար Լայեունը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար` դրուատելով ՀԲԸՄ-ի եւ առհասարակ հայութեան ներդրումը Լիբանանի անդորրութեան ու ծաղկումի ճիգերուն: Նախարարը յատուկ դրուատիքով անդրադարձաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին, որ հակառակ տիրող պայմաններուն, յաջողած է նման նախաձեռնութիւն մը իրագործել` յաղթահարելով բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները:
Շնորհաւորելով տիկնանց յանձնախումբի աշխատանքը` նախարար Լայեուն նաեւ մաղթեց, որ համերաշխութիւնը գերիշխէ ու տիրէ ամէնուրեք, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ իրականութիւնները կը բացայայտուին:
Ապա ՀԲԸՄ-ի «Կարմիրեան» վարժարանի աշակերտներ յատուկ համազգեստով ու Կաղանդի գլխարկներով, իրենց ձեռքերուն փոքր մոմակալներով երգեցին Կաղանդի յատուկ հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն երգեր, ինչպէս` «Լուռ գիշեր» «Ճոյ թու տը ուըրլտ» «Լէյլըթ իտ» եւ այլն` մեծապէս խանդավառելով ներկաները: Ցուցահանդէսի սրահի մուտքին ուշագրաւ էր հայկական այն բացառիկ գորգը, որուն վրայ հայերէն տառերով նախշուած ու բանեցուած էին գրաւեալ հայկական հողամասերու տոհմիկ տարազները` իրենց համապատասխան անուններով:
Տօնավաճառը, որ կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 9 դեկտեմբերի երեկոյ, կ՛ընդգրկէ հայկական աւանդական ճաշեր ու անուշեղէններ, հայկական ձեռարուեստ, ամանորեան տնային յարդարանքի զարդեղէններ, տուրմեղէն, կանացի զարդեղէն, գեղանկարչական ստեղծագործութիւններ եւ ձեռային աշխատանք: Ցուցադրուած զարդեղէնները իրենց տօնական «յարդարանք»-ով եւ տպաւորիչ գրաւչութեամբ առանցքը կը կազմէին ներկաներու հետաքրքրութեան:

