Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Նիկոլ Յարութիւնով Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Նիկոլ Յարութիւնով

Երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, աւարտեցաւ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

Երեւանեան այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 69 երկիրներու 405 կռփամարտիկներ:

Թէեւ Հայաստանը, կը ներկայացնէին 10 մարզիկներ, սակայն անոնցմէ միայն մէկը հասաւ աւարտական հանգրուան եւ յաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին:

81 քկ դասակարգին մէջ Նիկոլ Յարութիւնով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երէկ յետմիջօրէին աւարտական մրցումին 13-9 արդիւնքով յաղթելէ ետք հոլանտացի իր մրցակիցին` Անթոնի Սքոթ Ֆորեսթին:

Նշենք, որ Հայաստան տիրացաւ պրոնզ մետալի մըն ալ` շնորհիւ Նարեկ Մելքոնեանի, որ 91 քկ դասակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:

Աւարտական մրցումներուն եւ փակման հանդիսութեան ներկայ եղած Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Չինկ Քու Վու մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ այն կարեւոր կէտին շուրջ, որ Հայաստան լաւապէս յաջողեցաւ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալել:

Աւարտին ան խօսելով Ազրպէյճանի պատուիրակութեան անունով անոր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի, որ բարձր մակարդակով այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելէ բացի լաւ ընդունելութիւն ցուցաբերեց ազրպէյճանցիներուն:

Share this Article
CATEGORIES