Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. 2012-2013 Տարեշրջան. Այսօր ՀՄԸՄ Պէյրութի Առաջին Մրցումը` «Էօ. Էն. Պէ.»-ի Դէմ

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, այսօր` շաբաթ, 8 դեկտեմբերին կը կատարէ 2012-2013 տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով «Էօ. Էն. Պէ.»-ն: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այս մրցումէն ետք յաջորդաբար իրեն մրցակից պիտի ունենայ լիբանանեան բանակի հաւաքականը, Այնթուրան, Անուարը, Սանթրալը, Քահրապան եւ Շապապ Զահլէն:

Խումբին մարզիչն է Թոնի Քարա, իսկ անոր օգնականը` Հրայր Տիշչեքենեան: Ֆիզիքականի մարզիչն է Ֆուատ Ժըրժես, վիճակագրութիւն կատարողը` Յարութ Թիքիճեան, ֆիզիոթերափիսթները` Սեւակ Մալճեան եւ Ժիհատ Հատտատ, իսկ խումբին տնօրէնը` Կի Մանուկեան:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբին մաս կազմող մարզիկները.

Երուանդ Աւագեան, Հայկ Խաչերեան, Հրակ Մերտինեան, Սարգիս Սվաճեան, Յարութ Տեկիրմենճեան, Վարդգէս Մենտիլեան, Վարանդ Թազեան, Ռուտի Ֆարրաժ, Մարիօ Ապպուտ, Սամեր Սայետ, Ճօ Ղաթթաս, Ռալֆ Աքըլ, Ռամզի Ամարէտտին, Ռոպեր Պու Տաղեր եւ Պասեմ Պալաա:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարելիք երթի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012    ԺԱՄ  ԴԱՇՏ

ՀՄԸՄ Պէյրութ – «Էօ. Էն. Պէ.»   19:30 Աղբալեան

Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012

Լիբանանեան բանակ – ՀՄԸՄ Պէյրութ     19:30 Էմիլ Լահուտ

Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012

ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա        19:30 Աղբալեան

Դ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2013

Անուար – ՀՄԸՄ Պէյրութ          21:00 Մըրի Համալիրի

Ե. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2013

ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սանթրալ        19:30 Աղբալեան

Զ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2013

Քահրապա – ՀՄԸՄ Պէյրութ       19:30 Քահրապա

Է. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2013

ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Զահլէ    19:30 Աղբալեան

 

 

Share this Article
CATEGORIES