Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ահլի Պըրժ Ռահհալ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Ահլի Պըրժ Ռահհալի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող-պատասխանատու նշանակուած է Ալի Ռաֆիհ:
Ցարդ երեք մրցումէ եօթը կէտ ապահոված ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք շարք մը մրցումներ յետաձգուեցան յառաջիկայ շաբթուան` Թրիփոլիի մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով:
Ստորեւ` անոնց նոր թուականը.
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
(Շաբաթ, 15 դեկտեմբեր) ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հարաքեթ Շապապ – Սաժես 2:15 Զղորթա
(Կիրակի, 16 դեկտեմբեր)
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Խիարա
Սալամ Զղարթա – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:15 Զղարթա
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
(Չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր)
Պարժալունա – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի 2:15 Սաֆա

