Հզօր Երկրաշարժի Հետեւանքով Յառաջացած Ցունամին Կը Մոլեգնի Ճափոնի Ափին

7,3 ռիխթըր ուժգնութեամբ հզօր երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած մէկ մեթր բարձրութեամբ ցունամին մոլեգնեցաւ Ճափոնի ափին: Տուժածներու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան:

Հաղորդագրութեան համաձայն, «Ֆուքուսիմա-1» հիւլէական կայանը կ’աշխատի բնականոն կերպով, կայանի աշխատանքին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած: Սակայն անձնակազմին հրահանգուած է դադրեցնել աշխատանքը եւ բարձրանալ բարձունքի վրայ:

Վարչապետ Նոտա չեղեալ յայտարարած է բոլոր գործերը եւ շտապ մեկնած է նստավայր:

Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Միյաքի քաղաքապետութենէն 240 քմ հեռաւորութեան վրայ դէպի արեւելք, կը յայտնէ ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES