Ռուս Եւ Ամերիկացի Մասնագէտներ Իպրահիմիի Հետ Քննարկումներ Պիտի Կատարեն

Լաւրով եւ Քլինթըն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մասնագէտներ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ քննարկումներ պիտի կատարեն:

Նշենք, որ Լաւրով հինգշաբթի գիշեր հանդիպում ունեցած էր Իպրահիմիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը լուծելու միջոցները:

Լաւրով յայտնեց, որ «ամերիկացիներուն հետ համաձայնեցանք, որ մեր մասնագէտները յառաջիկայ օրերուն Իպրահիմիի հետ ժողով մը գումարեն եւ Ժընեւի համաձայնութեան մէջ ներառուած համաձայնութիւնները սեղանի վրայ դնեն»:

Լաւրով ըսաւ, որ Իպրահիմի կը յուսայ, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն աջակցին Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ գործնական արդիւնքի մը հասնելու նպատակով սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարելու իր ջանքերուն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու` նշելով, որ «մեր պէտք ունեցած օժանդակութեան միայն կէսը ստացանք»:

Քի Մուն ըսաւ, որ «գաղթականներուն թիւը կը բարձրանայ, եւ այն մտավախութիւնը ունիմ, որ Սուրիոյ մէջ բախումներու մագլցումով գաղթականներուն թիւն ալ բարձրանայ»:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Տապլինի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 200 հազարի:

Սուրիայէն հեռացած գաղթականներուն համար Թուրքիոյ մէջ կառուցուած է 13 վրանային ճամբար եւ մէկ վրանային թաղամաս: Թուրքիա մինչեւ հիմա գաղթականներուն վրայ 400 միլիոն տոլար ծախսած է:

Թուրքիայէն բացի, Սուրիոյ դրացի երկիրներուն` Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներու ընդհանուր թիւը 500 հազար է:

ՄԱԿ-ի տուեալներով` Սուրիոյ մէջ 2.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օժանդակութեան կարիք ունի:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց մամլոյ այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը քիմիական զէնքերը տեղաշարժի ենթարկած են` շեշտելով, որ ամերիկեան վարչակազմին մօտ եղող գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, միայն կառավարական ուժերու կողմէ մարտավարական ծածուկ քայլ մըն է սուրիական ընդդիմութեան առջեւ, որ յաջողած է Դամասկոսի մօտ մարտական եւ ռազմավարական արագ յառաջխաղացք արձանագրել, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած պատգամ մըն է իր ունեցած կարողութիւնը ցուցադրելու, ինչպէս նաեւ պատգամն է Թուրքիոյ` առ ի պատասխան վերջինիս հողամասերուն վրայ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման:

 

Share this Article
CATEGORIES