Մաշաալ Պատմական Այցելութեամբ Կազա Կը Գտնուի

Հանիյէ կը դիմաւորէ Մաշաալը

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ երէկ պատմական այցելութեամբ Կազա մեկնեցաւ: Ասիկա 37 տարուան ընթացքին Մաշաալի Կազա առաջին այցելութիւնն էր:

Մաշաալ Ռաֆահի անցքին վրայ արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս այցելութիւնը իր «երրորդ ծնունդն» է, իսկ առաջին երկու ծնունդները 1956-ի իր ֆիզիքական ծնունդը եւ 1997-ին Յորդանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ մահափորձէ մը փրկուիլն էին:

Մաշաալ 1967-ին Այսրյորդանանէն հեռանալէ ի վեր պաղեստինեան հողամասեր ոտք չէ կոխած:

Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ իր կարգին ըսաւ, որ «Մաշաալի այցելութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին Պաղեստին վերադարձի ճամբուն վրայ պատմական շրջադարձ մըն է»:

Մաշաալ Համասի հիմնադիր շէյխ Ահմետ Եասինի տունը, ինչպէս նաեւ Համասի զինեալ թեւի ղեկավար, անցեալ ամիս Իսրայէլի կողմէ ահաբեկուած Ահմետ Ժաապարիի բնակարանը այցելեց:

Share this Article
CATEGORIES