Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը

Եգիպտական ընդդիմութիւնը երէկ պաշտօնապէս մերժեց այսօր ժամը 12:30-ին Իթթիհատիյա նախագահական պալատին մէջ համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրաւէրը:

Ժողովրդային հոսանքի ղեկավար, նախագահութեան նախկին թեկնածու Համտին Սուպահի Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած հարիւրաւոր ցուցարարներուն ներկայացուց նախագահ Մուրսիի Փրկութեան ճակատի անդամներուն ուղղուած երկխօսութեան հրաւէրը` ցուցարարներուն ձգելով ընտրութեան ազատութիւնը: Ցուցարարները բացագանչեցին. «Ժողովուրդը վարչակարգին տապալումը կ՛ուզէ», որուն վրայ Սուպահի յայտարարեց, որ ինք եւ Եգիպտոսի Ազգային փրկութեան ճակատի անդամները յանձնառու կը դառնան «եգիպտական յեղափոխութեան մայրաքաղաք» Թահրիր հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն կեցուածքին, որուն հիմամբ նախագահին հետ երկխօսութիւն տեղի պիտի չունենայ եւ անոր հրաւէրին պիտի չընդառաջեն:

Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր պետի տեղակալ Մահմուտ Իզզաթ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրենց շարժումին կեդրոնատեղիին այրելուն ետին կը կանգնին արտաքին կողմեր, որոնք չեն ուզեր, որ Եգիպտոս կայունանայ եւ երկրին «ապագայ որեւէ զարթօնք չեն փափաքիր»:

«Ի վերջոյ վնասը ամբողջ Եգիպտոսը կը կրէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մենք այդ ոճիրները կանխարգիլելու կարողութիւնը ունինք, ձեռք բարձրացնողներուն ձեռքը կրնանք կտրել եւ այդ մէկը մինչեւ հիմա չըրինք»:

Աւելի ուշ բազմահազար ընդդիմադիր ցուցարարներ Եգիպտոսի նախագահական պալատին մօտ «Կարմիր քարտ» նշանաբանին տակ բողոքի ցոյց կատարեցին` պահանջելով նախագահին հրաժարականը: Տուեալ կացութեան մէջ, նախագահական պահակագունդը յաւելեալ ուժեր պահանջեց` դիմակայելու համար ցուցարարներուն կողմէ դէպի նախագահական պալատ յառաջանալու որեւէ փորձ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ զօրավիգ կը կանգնին սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէին եւ կոչ կ՛ուղղեն Եգիպտոսի մէջ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարելու:

Share this Article
CATEGORIES