Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին առջեւ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք փակեցին ճամբաները:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի նախարարութեան կեդրոն ժամանելէն ետք ճամբաները բացուեցան, եւ ան հանդիպում մը ունեցաւ ցուցարարներուն մէկ պատուիրակութեան հետ:
Ազազի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ իրենք առեւտուրի ենթակայ արտադրութիւններ չեն, այլ` մարդ արարածներ եւ խիստ կը մերժեն իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը: «Մենք քաղաքական ոչ մէկ կողմի կը զօրակցինք, ճնշում բանեցնելու քարտեր չենք եւ լրատուամիջոցներուն զբաղումի թղթածրարը չենք», ըսին առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները:
Իր կարգին, նախարար Շարպել շեշտեց, որ կան քաղաքական որոշ զարգացումներ, որոնք կ՛արգելակեն առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը, սակայն ամէնէն մօտիկ ապագային անոնք Լիբանան պիտի վերադառնան:


