Ֆուատ Սինիորա Եւ Ուիամ Ուահապ Այցելեցին Ժոմպլաթի
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Մուխթարայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն ընկերակցեցան երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի պատասխանատու Նատեր Հարիրի. հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:
Ժոմպլաթ զինք այցելող պատուիրակութեան ի պատիւ ընթրիք մը սարքեց:
Այդ մասին Սինիորայի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, որոնց մասին Սինիորա ներկայացուցած է Մուսթաքպալ հոսանքին տեսակէտները:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այդ շրջագիծին մէջ եղած է նաեւ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարականին պահանջը, ինչպէս նաեւ շեշտեց Լիբանանի մէջ լարուածութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը երկխօսութեան մերժում չէ, այլ ապարդիւն երկխօսութեան մերժում: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, երէկ Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որուն հետ քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Ուահապ նշեց, որ մենք կարիքը ունինք Քամալ Ժոմպլաթի մակարդակի անձնաւորութիւններու ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ` նկատի ունենալով արաբական աշխարհին մէջ տիրող բաժանումը:

