Պըրրի Ընդունեց Ժեմայէլը

Ժեմայէլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները որեւէ պատճառի համար յետաձգելու քայլերը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին որեւէ ատեն մասնակցելու խորհրդարանական հանդիպումի մը, որ կը միտի ընտրական արդար օրէնք մը վաւերացնել:

Ժեմայէլ նաեւ ընդգծեց, որ Պաապտայի յայտարարութիւնը եւ անոր մէջ նշուած դրական չէզոքութիւնը լաւագոյն միջոցներն են Լիբանանը շրջանին մէջ տիրող հարցերէն հեռու պահելու:

Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց շրջանցելու բոլոր արգելքներն ու խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ մասնակցելու ընտրական օրէնքի քննարկման սեղմ յանձնախումբին նիստերուն, հակառակ տիրող ապահովական վտանգներուն:

Share this Article
CATEGORIES