Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Լարուածութեան Լոյսին Տակ Բանակը Փորձեց Զինադուլ Հաստատել

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, բացի քանի մը անգամ արձակուած կրակոցներէն եւ կատարուած արձակազինութենէն:

Բանակը, որ խստացուցած էր իր միջոցառումները լարուած այդ շրջաններուն մէջ, յաւելեալ թիւերով ներկայութիւն դարձաւ եւ փորձեց զինադուլ հաստատել:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան բանակը ներխուժած է զինեալներուն թաքստոցները եւ մեծ թիւով ձերբակալութիւններ կատարած, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք գրաւած:

Հաղորդագրութեան մէջ յայտնուեցաւ նաեւ, որ բանակը հակադարձած է կրակոցներուն, ասոր իբրեւ հետեւանք բանակին դիրքերը արձակազէններուն թիրախ դարձած են եւ բանակին շարքերուն մէջ արձանագրուած են 7 վիրաւորներ:

Բանակը կոչ ուղղեց երկու շրջաններուն բնակիչներուն գործակցելու իրեն հետ եւ հետեւելու իր ցուցմունքներուն:

Երէկ անձրեւին տեղատարափը արգելք չդարձաւ, որ տուեալ շրջաններուն մէջ ապրող բնակիչներուն մեծ մասը լքէ բնակարանները եւ ուղղուի աւելի ապահով վայրեր:

Նախորդ երեք օրուան ընթացքին արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառով սպաննուած են 9 քաղաքացիներ եւ արձանագրուած աւելի քան 80 վիրաւորներ:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել այսօր պիտի այցելէ Թրիփոլի, ուր պիտի նախագահէ շրջանի հարցերուն հետեւող ապահովութեան խորհուրդի նիստին` փորձելով տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES