Յունաստանի Մէջ Նախագահ Սլէյման Շեշտեց Ժողովրդավարութիւնը Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Յունաստան, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աթէնքի եպիսկոպոսապետ Լիրոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսին հետ:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց արաբական երկիրներու ժողովրդավարացման քայլերը, պայմանաւ որ այդ ժողովրդավարութիւնը ցեղային, համայնքային թէ յարանուանական չըլլայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Սուրիա վերագտնէ իր ապահովական կայունութիւնը` մերժելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց սակայն երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը կարելի չէ ամրապնդել առանց պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններուն դերակատարութիւնը ապահովելու` քաղաքական կեանքին մէջ:
Նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ նաեւ Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ վախճանեալ պատրիարքին` հաստատելով, որ ան չափաւորականութեան, հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան եւ քաջութեան պատրիարքն էր: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ուղղափառ համայնքը մնայուն կերպով յարգած է ուրիշին բացուելու քաղաքականութիւնը, արաբական դատը, պաղեստինեան հարցն ու ժողովրդավարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման պահանջեց վերջ տալ համայնքային ու յարանուանական խտրականութեան եւ ջատագովը դառնալ երկխօսութեան ու ժողովրդավարութեան:
Նախագահ Սլէյման այցելեց Աթէնքի անյայտ զինուորի յուշակոթողը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը:
Նախագահ Սլէյման ուղղուեցաւ Յունաստանի խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Վանճիլիս Մայմալաքիսի հետ: Խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ նաեւ ընդարձակ նիստ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց յոյն պաշտօնակիցները:


