Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Շարք Մը Ապահովական Նիստերու

Ռիֆի, Շարպել եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ նախանցեալ երեկոյեան վերադարձած էր Պէյրութ, երէկ նախագահեց շարք մը ապահովական նիստերու, որոնց նպատակն էր Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի բնակչութեան խղճով ու իմաստութեամբ մտածելու եւ երկրին դիմագրաւած այս զգայուն պայմանները յաղթահարելու` գործակցելով բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ: «Անհրաժեշտ է անպայման այդ գործակցութիւնը ապահովել` վերջ տալու համար Թրիփոլիի մէջ տիրող արիւնահեղութեան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի հեղինակութիւններուն հետ` ստուգելու համար շրջանին մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ քննարկեց Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այսօր Շարպելի Թրիփոլի կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Քննարկուեցաւ վաղը առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը գումարելու հարցը` նախագահութեամբ Միքաթիի, նկատի ունենալով, որ այդ խորհուրդին փոխնախագահը վարչապետ Միքաթին է:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու Ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներուն դիակները Լիբանանի յանձնելու մանրամասնութիւնները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար:

Պէտք է աւելցնել, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէէն:

Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող արիւնալի դէպքերը եւ զանոնք կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ զինեալ այդ բախումները կը սպաննեն անզէն եւ անմեղ քաղաքացիներ, յատկապէս երեխաներ, կը խախտեն երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛արգելակեն շրջանին տնտեսական բարգաւաճման յոյսերը:

Քարամէ եւ Միքաթի շեշտեցին, որ Թրիփոլիի ընտրանքը օրինականութիւնն է եւ պետութիւնն ու անոր զինեալ ուժերը: Անոնք համաձայնեցան գործակցիլ եւ ճիգ չխնայել` շրջանին վերադարձնելու համար իր անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES