Տապլինի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Հերթական Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները նախանցեալ օր Տապլինի մէջ` ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու 19-րդ նիստին ընթացքին, ղարաբաղեան տագնապի վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն մը ընդունեցին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Պեռնար Քազենեւ տագնապի կողմերուն կոչ ուղղեցին քաղաքական կամք դրսեւորելու` տագնապի լուծման համար:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կոչ կ՛ուղղուի առաջնորդուելու Հելսինքեան ամփոփիչ փաստաթուղթով` ուժ չօգտագործելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման կէտերով:
«Մենք կը ցաւինք, որ Սոչիի մէջ 23 յունուարին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն` լուծման հոլովոյթին մէջ սրընթաց յառաջխաղացք խոստացող հանդիպումը չարդարացուց ակնկալիքները: Ընդհակառակն` կողմերը փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ համաձայնութեան հասնելու փոխարէն աւելի շատ բանակցութիւններուն մէջ նախընտրեցին միակողմանի գերազանցութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ եւ կ՛նդգծուի, որ կողմերը պահպանեն 1994 թուականին ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը, նաեւ` որ տագնապի լուծումը ուժային ճամբով անկարելի է:
«Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն ձեռնպահ մնալու մարդոց միջեւ թշնամանք յարուցող յայտարարութիւններէն: Պետութիւններուն ղեկավարները պէտք է իրենց երկիրներուն բնակչութիւնը նախապատրաստեն ոչ թէ պատերազմի, այլ համակեցութեան` յարգելով իրարու մշակոյթը, պատմութիւնը եւ աւանդութիւնները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Միաժամանակ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պէտք է պատրաստ ըլլան 2013 թուականի սկիզբը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպելու` տագնապի լուծման ուղիներու քննարկման համար:
Համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները կրկնեցին, որ պատրաստ են ամէն ջանք գործադրելու կողմերուն օգնելու համար, սակայն տագնապի դադրեցման պատասխանատուութիւնը կողմերուն վրայ է:

