«ՀՅԴ-ի Խնդիրը Երկիրը Օր Առաջ Իր Օրակարգին Վրայ Բերելն Է» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափին վերաբերեալ մինչեւ հիմա որոշում չտալը պայմանաւորուած է իրավիճակի փոփոխութեամբ:
Ըստ անոր, բաղդատմամբ 2007 թուականին, հիմա իրավիճակը ուրիշ է. հետզհետէ կ՛ընդլայնի ժողովուրդին անվստահութիւնը: «Աննախադէպ անվստահութեան մթնոլորտ է: Այսպիսի իրավիճակ երբեք չէ եղած, երբ ժողովուրդը այսքան հիասթափուած է եւ ընկճուածութեան մէջ», նշեց Ռուստամեան: Ան ընդգծեց, որ նախանցեալ օրուան խորհրդաժողովին ժամանակ ձեւակերպած են, թէ ի՛նչ հարց կ՛ուզեն լուծել ընտրութիւններով:
Ըստ Ռուստամեանի, ինքնանպատակ առաջ իյնալը եւ թեկնածուի մասին յայտարարելը իմաստ չունի, եթէ չէ լուծուած հիմնական խնդիրը, որ եթէ պէտք չէ լուծուի, ապա հարց կը յառաջանայ` իմաստ ունի՞ մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ընդունի ՀՅԴ-ի բոլոր 7 կէտերը եւ համաձայնի այս կէտերուն իրականացման ճամբու քարտէսին, ապա կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան կրնա՞յ ըլլալ ՀՅԴ-ի թեկնածուն, Ռուստամեան նշեց, որ ամբողջ խնդիրը ատիկա է, որ եթէ այդ հանգրուանները անցնինք, պիտի համարենք, որ շատ մեծ հարց լուծեցինք: «Պատկերացուցէք, չորս-հինգ քաղաքական ուժեր կը համաձայնին, անկէ ետք որեւէ քաղաքական ուժ պարտաւորուած է շարունակել այս օրակարգով: Մենք չենք եկած խաղեր խաղալու, սակարկելու, մենք եկած ենք համոզումով, որ այս օրակարգը երկրին համար ամէնէն ճիշդ օրակարգն է»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ միւս կողմէ ալ ՀՅԴ-ն չի բացառեր, որ եթէ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ ընդունի Դաշնակցութեան 7 կէտերը, ապա կրնան սատարել նաեւ անոր, Ռուստամեան նշեց, որ որեւէ անձի նկատմամբ ՀՅԴ-ն թշնամանք չունի, ՀՅԴ-ի առաջարկը անձնաւորուած չէ, Դաշնակցութեան խնդիրը երկիրը օր մը առաջ օրակարգին վրայ բերելն է:

