Գիւմրին Նշեց Երկրաշարժի 24-ամեակը. 33 Զինուորներու Անօթեւան Ընտանիքներու Բնակարաններու Յանձնում

Նորակառոյց բնակելի շէնքերը

Գիւմրիի մէջ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին մօտ երէկ կանուխ առաւօտէն կ՛այցելէին գիւմրեցիներ, ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ կը զետեղէին եւ յարգանքի տուրք կը մատուցէին 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուած էին նաեւ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու անունով:

Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութենէն ետք հոգեհանգիստի կարգ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ: Այնուհետեւ սրբազանը դիմեց հաւաքուածներուն:

«Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ տայ մեզի ուժ, կարողութիւն, շարունակելու մեր գործը, մանաւանդ երիտասարդներուն, որոնք բարեբախտաբար երկրաշարժի աւերը չեն տեսած այն տարողութեամբ, որքան իրենց մեծերը, թող իրենք չտեսնեն այսպիսի ողբերգութիւն», ըսաւ սրբազանը:

Մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններէն բացի երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կը մասնակցէր երկրաշարժի զոհերու յիշատակի արարողութեան, որմէ ետք պարզուեցաւ, թէ 33 անօթեւան զինուորներու ընտանիքներուն բնակարաններ պիտի յանձնուէին:

«Կեանքը կը շարունակուի, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, յիշելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակը, առջեւ երթանք, պայքարինք, կառուցենք, շինարարութեամբ զբաղինք, եւ այդ ամէնը կը վերաբերի նաեւ մեր զինուորներուն, որոնք կ՛ապահովեն մեր ժողովուրդին խաղաղութիւնը», ըսաւ նախարարը:

Վերջին չորս տարիներուն Գիւմրիի մէջ 2800 բնակարաններ շահագործման յանձնուեցան, բայց այսուհանդերձ անօթեւանութեան խնդիրը տակաւին չէ լուծուած:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս պահուն քանի՞ անօթեւան ընտանիք կայ տակաւին Գիւմրիի մէջ, քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան ընդգծեց, որ «տակաւին ունինք 1481 անօթեւան ընտանիք եւ թերեւս 200 դիմումներ ալ կան, որոնք պէտք է ուսումնասիրուին, որպէսզի հասկնանք, թէ ի՛նչ իրական թիւ ունինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES