Տաւութօղլու. «Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Բանակցութիւններէն Տեսանելի Արդիւնքներ Կ՛ակնկալէ»
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ տեսանելի արդիւնքներ կ՛ակնկալէ:
Ըստ անոր, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի մէջ կը սպասուին նախագահական ընտրութիւններ, որոնց նախօրեակին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ դժուար թէ յառաջընթաց արձանագրուի:
«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը քննարկած ենք նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Այդ հարցին մէջ արդիւնքի հասնիլը պիտի բանայ նաեւ Թուրքիոյ ճամբան», ըսած է Տաւութօղլուն:
CATEGORIES Հայկական

