Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին իր կազմակերպած ռատիոթոնին համայն Լիբանանահայութեան միացեալ ջանքերով կարելի եղաւ գոյացնել 107.000 ամ. տոլարի գումար մը: Մարմինը նաեւ կ՛ուզէ տեղեկացնել, որ նախորդ տարիներու դրամահաւաքներէ իր մօտ ունի պատրաստ գումար մը, որ պիտի աւելցնէ այս տարուան հասոյթին, որպէսզի ըստ այնմ կատարէ իր յատկացումներուն բաժանումը` առաջնահերթ նկատելով սուրիահայութեան օժանդակութիւնը եւ իր հասոյթէն բաժին յատկացնելով Լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն ու Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին:
Շնորհակալութիւն` բոլոր նուիրատուներուն եւ բոլորին վարձքը կատար:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
7 դեկտեմբեր, 2012
Պէյրութ

