«Ազդակ»-ի 2013-Ի Բացառիկը

Խմբագրման վերջին հանգրուանին մէջ է «Ազդակ»-ի  2013-ի բացառիկը: Աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի բացառիկին կը մասնակցին լիբանանահայ հրապարակագիրներուն առընթեր հայրենիքէն եւ սփիւռքեան գաղութներէն հրապարակագիրներ ու մամլոյ աշխատակիցներ` բացառիկի բովանդակութեան ապահովելով հայկական հարցերու տարեգիրքի բնոյթ: Բացառիկը կը ներառէ ընթացիկ տարուան քաղաքական, մշակութային, տեղեկատուական, մարզական հիմնական դէպքերն ու երեւոյթները, կ՛անդրադառնայ 2013-ի տարբեր ոլորտներու յոբելեաններուն եւ   փորձ կը կատարէ նախանիշեր փոխանցելու հայ քաղաքական յառաջիկայ տարուան սպասուող իրադարձութիւններուն:

Ինչպէս վերջին տարիներուն, այնպէս նաեւ այս Ամանորի բացառիկ թիւի հրատարակութիւնը կը ստանձնեն «Ազդակ»-ի աշխատանքները քաջալերող եւ անոր ծրագիրներու իրականացման համար միշտ մեր կողքին կանգնող տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեանները: Մեր շնորհակալութիւնները` «Ազդակ»-ի բարեկամ զոյգին:

Share this Article
CATEGORIES