50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1962)

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան
500-
ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Պոլսոյ
Մէջ

Կիրակի, 2 դեկտեմբեր 1962, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան հաստատման 500-ամեակի առթիւ, Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է մասնաւոր արարողութիւն:

Հանդիսութեանց նախագահած է Շնորհք պատրիարքը:

Ներկայ եղած են պաշտօնական մարմիններ, քոյր համայնքներու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը:

Ս. պատարագը մատուցած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Սուրէն արք. Քեմհաճեան:

Պոլսոյ երգչախումբերու միացեալ կազմը, ղեկավարութեամբ տոքթ. Տիգրան Մամիկոնեանի, Ս. պատարագը երգած է կոմիտասեան քառաձայնով:

Ս. պատարագի վերջաւորութեան, պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ, բոլոր հայ եկեղեցականները շուրջառազգեստ, բեմ բարձրացած են հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու երջանկայիշատակ բոլոր պատրիարքներուն` խոր տպաւորութիւն ձգելով ներկաներուն վրայ:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, իր գահին վրայ, օտար անձնաւորութեանց շնորհաւորութիւնները ընդունած է:

Այս շնորհաւորութիւններէն ետք, երգչախումբին երգած «Հրաշափառ»-ով ու հանդիսաւոր թափօրով պատրիարք հայրը պատրիարքական առաջնորդուած է եւ մայր դահլիճին մէջ ընդունած է համայնքային  մարմիններուն շնորհաւորութիւնները:

Օրուան նշանակութեան մասին խօսած է պատրիարք հայրը:

* * *

Պոլսոյ պատրիարքութիւնը հաստատուած է Ֆաթիհ Մեհմեթ սուլթանին օրով, 1461-ին:

Փոքր Ասիոյ հայ գաղթականներու առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս, որ Պուրսա կը նստէր, փոխադրուած է Պոլիս եւ եղած է Թուրքիոյ հայոց առաջին պատրիարքը:

Պատրիարքարանը սկիզբը հաստատուած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին: 1641-ին վերջնականապէս փոխադրուած է Գումգափու:

Թրքահայ իրականութեան մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը իր պատմական գործունէութեամբ:

Մեծանուն հոգեւորականներ բազմած են պատրիարքական աթոռին վրայ:

Մինչեւ հիմա Պոլսոյ պատրիարքութիւնը ունեցած է 81 պատրիարքներ:

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Արեւելագերմանացին իր կնոջ. «Լսեցի, որ Ուոլթըր Ուլպըրիխտ քանդել պիտի տայ եղեր պատը` նախքան ծննդեան իր տարեդարձը»:

Երկրորդ.- Ինչո՞ւ սակայն:

Առաջինը.- Կ՛ուզէ ունենալ շատ փոքր կուսակցութիւն մը, որ պահուի փոքր պատի մը ետին:

* * *

Փրակայի փողոցներէն մէկուն մէջէն անցած պահերուն ծերունի մը սահելով ինկաւ: Անդիէն ուրիշ մը ծերուկին ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ.

– Ի սէր Աստուծոյ, քաղաքականութեան մասին խօսք մի՛ ըներ, ընկեր:

* * *

Հունգարացի ուսուցիչ մը իր դասարանի աշակերտներուն հարցուց հետեւեալը.

– Ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել համայնավարութիւնը:

Փոքրիկն Կիորկի մատ բարձրացնելով` ըսաւ. «Համայնավարութիւնը նաւ մըն է ու գամուած կը մնայ իր ժայռին վրայ եւ սակայն վերջին հաշուով պիտի հասնի իր թիրախ նաւահանգիստը»:

– Շա՛տ ապրիս,- ըսաւ ուսուցիչը, եւ երբ տեսաւ, թէ Թովմաս իր նստարանին վրայէն անհանդարտութեան նշաններ ցոյց կու տար, անոր հարցուց.- Բան մը կ՛ուզե՞ս աւելցնել,  Թովմա՛ս:

Թովմաս նախ վարանեցաւ եւ ապա պոռթկաց. «Կիորկի մոռցաւ մէկ բան, նաւը թէեւ անշարժ կը մնայ ժայռին վրայ եւ սակայն անոր մէջինները կը տառապին ծովախտէն…»:

* * *

Առաջին չեխ քաղաքացին` իր ընկերոջ. «Մեր երկրին մթնոլորտը հիւլէական ուժին նման է, ինչո՞ւ»:

Երկրորդ չեխը. «Բացատրէ միտքդ»:

Առաջին չեխը. «Որովհետեւ լարուածութեան չափը բարձր է, ընդդիմադրութիւնը` շատ զօրաւոր, իսկ ոեւէ մէկը չ՛ուզեր մատը դնել կոճակին վրայ»:

* * *

Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար կուսակցութեան պետ Ուոլթըր Ուլպրիխտի ի պատիւ Արեւելեան Պերլինի գլխաւոր պողոտաներէն մէկուն վրայ գրուած յուշարձանին առջեւ երկու գերմանացիներ կը խօսին հետեւեալ կերպով.

– Յուշարձանը ունի երկու յանցանք:

– Որո՞նք են անոնք:

– Նախ եւ առաջ չէ գրուած «աստ հանգչի խաղաղութեան մէջ» յուշարձանին վրայ:

– Եւ սակայն Ուլպրիխտ տակաւին չէ մեռած:

– Երկրորդ սխալը այն է, Ուլպրիխտ հոգիով մեռած է…

Share this Article
CATEGORIES