Իրականութեան Եւ Խաբկանքի Միջեւ Պոմպէյի Ոչ Այնքան Հնադարեան Հռոմէական Մնացորդները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Իրական մարմիններ չեն…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՐԴԵՕՔ ՊՈՄՊԷՅԸ ՀՆԱԴԱՐԵԱ՞Ն, ԹԷ՞ ԱՐԴԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔ ՄԸՆ Է. ԱՆՈՐ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ԵՆ, ԻՍԿ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԳԱՃԷ ՇԻՆՈՒԱԾ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ: ՔԷՅՄՊՐԻՃ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍ` ԴԱՍԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՄԵՐԻ ՊԻՐՏ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՀՐԱԲԽԱՅԻՆ ԺԱՅԹՔՈՒՄԻ ՄԸ ՏԱԿ ԹԱՂՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԻՆ ՀՄԱՅՔԸ` ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ: ԶՈՀԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅԱՐԳԱՆՔԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒՐԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ` ՅՕԴՈՒԱԾԸ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԸ ՈՐՔԱ՛Ն ՀԱԿԱՄԷՏ Է ԽԱԲՈՒԵԼՈՒ ԵՒ ԻԲՐԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ՏԵՍՆԷ…

Անցեալ շաբաթավերջին քանի մը ժամ անցուցի Յ. Ք. 79-ին Վեսուվիուս հրաբուխին ժայթքումին մարդկային զոհերէն մէկուն մնացորդներուն հետ:

Յայտնապէս անոր մարմինը լաւ պահպանուած էր. երիտասարդ կին մըն էր, որ երեսին վրայ պառկած էր եւ իր ձեռքերով կը պաշտպանէր դէմքը` մահուան վայրկեանին: Անոր հագուստը վեր բարձրացած էր եւ փաթթուած էր մէջքին շուրջ` մերկ ձգելով սրունքները:

Կնոջ մարմինը այս օրերուն կը ցուցադրուի Մալիպուի Ճէյ. Փոլ Կեթի թանգարանին մէջ` իբրեւ առաջին ցուցանմուշը ցուցահանդէսի մը, որ կը պեղէ, թէ ինչպէ՛ս արդի արուեստագէտներ, Ֆրանչեսքօ Փիրանեզիէն մինչեւ Էնթընի Կորմլի, հակազդած են պատմութեան ամէնէն հռչակաւոր հրաբխային ժայթքումին: «Բարի եկաք Պոմպէյ,- ըսել կ՛ուզէ ան:- Քաղաքը մեռած է»:

Հետաքրքրուած էի գիտնալու, թէ ցուցահանդէսը այցելողները ի՛նչ կը մտածէին անոր մասին: Հետեւաբար ներս սողոսկեցայ եւ թաքուն ականջ դրի:

Մանուկները ամէնէն աւելի անմիջական էին: Անոնցմէ շատերը վազեցին դէպի կնոջ մարմինը եւ արձակեցին զարմացական բացագանչութիւններ: «Ո՜հ, իրա՞ւ հռոմէացի մըն է», հարց կու տային անոնք: Անոնց մայրերն ու հայրերը հակամէտ էին տալու երկու նախատեսելի պատասխաններ.

«Այո՛, հոգիս, այդպէս է, բայց մի՛ վախնար, շատոնց մեռած է»:

Կամ` «Ո՛չ, անմիտ բաներ մի՛ ըսեր, պարզապէս վերարտադրութիւն մըն է»:

Ձեւով մը երկու պատասխաններն ալ ճիշդ են:

Հնագիտական Ճարպիկ Հնարք Մը

Թէեւ մահաշունչ, սակայն մեզմէ շատերուն համար այս մարմինները միշտ ալ խորհրդանշած են Պոմպէյէն կատարուած յայտնաբերումներու որեւէ ցուցադրութեան առանցքը (խումբ մը «աստղն» է ցուցահանդէսի մը, որ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ Բրիտանական թանգարանին մէջ): Գոյութիւն ունին հարիւրաւոր նման մարմիններ. իւրաքանչիւրը մարմինն է հրաբխային ժայթքումի զոհի մը:

Իսկ անոնք միայն մարդկային զոհերու մնացորդներ չեն: Ամէնէն աւելի հռչակաւոր է մարմինը շունի մը, որ տակաւին կը մնայ կապուած, պարանը մինչեւ ծայր պրկած` խոյս տալու ապարդիւն ճիգով:

Այսուհանդերձ, ճշմարտութիւնը այն է, թէ այս բոլորը իրական մարմիններ չեն: Այլ բոլորն ալ արդիւնք են հնագիտական ճարպիկ հնարքի մը, որ ի գործ դրուած է 1860-ական տարիներուն:

Պոմպէյը ծածկած հրաբխային մոխիրին ընդերքները պեղող առաջին հնագէտները նկատած էին լաւային մէջ փորուած իրերայաջորդ խոռոչներ, որոնցմէ ոմանք կը պարունակէին մարդկային աճիւններ:

Պատճառը շուտով յստակացած էր. հրաբուխէն ժայթքած հալած նիւթերը ծածկած էին մեռելներուն մարմինները, ծանր եւ ամուր նստած էին անոնց շուրջ: Եւ մինչ անոնց միսը, ներքին գործարաններն ու հագուստները աստիճանաբար կը նեխէին` անոնք պարապութիւն մը կը ձգէին իրենց ետին: Այսպէս` կը ստեղծուէր մահուան վայրկեանին անշնչացած մարմնի մը ուրուանկարը:

Շուտով մէկը յղացած էր այն փայլուն գաղափարը, որ եթէ գաճ լեցուէր ստեղծուած պարապութեան մէջ, ապա կարելի էր ունենալ կաղապար մը, որմէ կարելի էր ճշգրիտ վերարտադրութիւնը ունենալ անշնչացած մարմնին. սակայն անշուշտ միայն նմանակ մը եւ ոչ` իրական մարմին մը:

Հրաբխային ժայթքումին տակ թաղուած շան մը մարմնին կաղապարով շինուած 19-րդ դարու տարբերակ մը:

Աւելի՛ն. կաղապար մը ունենալէ ետք կարելի էր զայն օգտագործել` նոյն անձին մարմնին մէկէ աւելի օրինակները վերարտադրելու համար, կենսաբանական բջիջներու յետ մահու յար եւ նման բազմաթիւ վերարտադրութիւններու պէս:

Իրօք, այն պահուն, երբ երիտասարդ կնոջ մարմնին մէկ տարբերակը այցելուները կը դիմաւորէ Մալիպուի Կեթի թանգարանին մէջ, անդին` անոր յար եւ նման մէկ տարբերակը իր պատուոյ տեղը կը վայելէ Պոմպէյի նուիրուած Տենվերի (Քոլորատօ) ցուցահանդէսին: Այլ խօսքով` անոնք 2000 տարի առաջ եւ 8000 քմ հեռու մեռած անձի մը մարմնին շուրջ գոյացած պարապութեան կաղապարով շինուած տարբեր օրինակներ են:

Կարծիքներու Յեղաշրջում

Մարմիններ, թէ` մարմիններու վերարտադրութիւններ, միեւնոյնն է. հնադարեան հռոմէացիներուն գաճով վերակենդանացումը ահաւոր աղմուկ բարձրացուցած էր, երբ առաջին անգամ իրագործուած էր 19-րդ դարու կէսերուն:

Կը թուէր, թէ ամբողջ ընտանիքներ գրեթէ կեանքի վերադարձած էին: Միայն քարսիրտ անձեր անվրդով կը մնային` ի տես դաժան ճակատագիրի դատապարտուած «գաճէ» մարդոց, որոնք իրարու փարած էին, մինչ աղէտը կը մօտենար. մայրեր իրենց գիրկը առած էին իրենց զաւակները, ամուսիններ գրկած էին իրենց կիները:

Անոնց հագուստները եւս կը զարմացնէին: 1860-ական տարիներուն մարդիկ ընդհանրապէս կը հաւատային, թէ հին հռոմէական հագուստները բարակ բաներ էին, որոնք ոչ միայն յարմար էին Միջերկրականի ջերմ կլիմային, այլ նաեւ ցանկայարոյց էին եւ թեթեւաբարոյ:

Պոմպէյի թանգարանին մէջ 1866-ին կը ցուցադրուէին հրաբխային ժայթքումի զոհերուն թանձրաձոյլ մարմինները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս կարծիքը ակնթարթի մէջ շրջուեցաւ, երբ զոհերուն մարմնին կաղապարներէն ի յայտ եկաւ, թէ անոնք հագած էին քանի մը խաւերէ բաղկացած հաստ հագուստներ եւ փաթթուած էին վերարկուներու մէջ: Անոնց գլուխը ծածկուած էր, եւ ոմանք նոյնիսկ տաբատ հագած էին (թէեւ ինծի համար անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ 19-րդ դարու պատմագէտները այնքան վստահ էին, որ հրաբխային ժայթքումի ժամանակ մարդոց կրած հագուստները վաւերական տեղեկութիւն մը կը փոխանցեն անոնց առօրեայ սովորական հանդերձանքին մասին):

Սակայն շատ աւելի մեծ հարցեր կան այստեղ, քան` հին հռոմէացիներուն հանդերձանքի զգացողութիւնը:

Նախ` առաջին հերթին, տարօրինակ կերպով երկդիմի այս իրերը մեզ դէմ յանդիման կը դնեն այլոց տառապանքով հաճոյք զգալու մեր սեփական տրամադրութեան հետ: Ինչո՞ւ մեզի համար ընդունելի է հիացական զարմանքով դիտել աղէտի այս զոհերուն մարմինները, երբ հաստատ է, որ երբեք ընդունելի չէ հիացական զարմանքով դիտել մեր ժամանակներուն պատահած գնացքի արկածի մը կամ ահաբեկչական արարքի մը զոհերուն տառապանքը:

Արդեօք պատճառը այն է, թէ անոնք այնքա՛ն հին են, որ նոյն ձեւով չե՞ն առնչուիր մեզի հետ, ինչպէս Կեթի թանգարանին մէջ իրենց զաւակներուն կ՛ըսէին կարգ մը ծնողներ: Կարծէք հնագիտական նմուշներ դառնալով` անոնք կորսնցուցա՞ծ են մարդկային սեփական ազատութեան եւ առանձնութեան իրենց իրաւունքը, թէ՞ պարզապէս հռոմէացիներու մարմիններ են, որոնք մեզի չեն թոյլատրեր ծածուկ դիտել զիրենք:

Վստահաբար չենք մտածեր, թէ լաւայի պարապութեան մը մէջ 19-րդ դարուն լեցուած գաճի կոյտ մը «ունի սեփական ազատութեան եւ առանձնութեան իր իրաւունքը»: Շատ աւելի նուազ հաւանական է, որ նոյն մտածումը ունենանք` ի տես 19-րդ դարու գաճի կոյտի մը 20-րդ դարու մէկ ընդօրինակութեան (օրինակ` Կեթի թանգարանին մէջ ցուցադրուած վերարտադրութիւնը): Ինչպէս միւս ծնողները կ՛ըսէին` «անոնք պարզապէս վերարտադրութիւններ են»:

Ճամբորդութիւն Մը` Դէպի Ետ

Սակայն զոհերուն գաճէ շինուած մարմինները իմ մէջս կ՛արթնցնեն նաեւ այլ մտածումներ Պոմպէյ քաղաքին մասին ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ` անոր խորհրդանշական դիրքին: Մասամբ` որովհետեւ անոնք շատ պերճախօս ձեւով թակարդուած են ողջերու եւ մեռելներու միջեւ տարածուող ոչ ոքի գօտիին մէջ եւ ծուղակը ինկած են ճիշդ այն վայրկեանին, երբ կորսնցուցած են պայքարը ժայթքող գոլորշիներուն եւ լաւային դէմ:

Ինչ որ քիչ մը կը նմանի ինքնին Պոմպէյ քաղաքին: Արդեօք անիկա իրապէ՞ս հսկայական դամբարան մըն է, թէ՞ այն վայրն է, ուր կ՛երթանք ժամանակին մէջ դէպի ետ ճամբորդութիւն մը կատարելու համար եւ թափանցելու` հին հռոմէացիներուն կեանքին մէջ:

 

Այցելուներ կը փափաքին տեսնել ապրող Պոմպէյը։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Եթէ արդի ժամանակներու այցելուները չեն գտնուիր աղէտալի ժապաւէն մը դիտելու վիճակին մէջ, ապա անոնք կը փափաքին տեսնել ապրող Պոմպէյը, ուր հռոմէական հացը տակաւին կը գտնուի հռոմէական փուռին մէջ, ուր տակաւին կը թաւալին հռոմէական ձիակառքերը, եւ ուր հռոմէական հանրատուները միայն ակնթարթ մը հեռու են: Սակայն 200 տարի առաջ զբօսաշրջիկներ այս ձեւով չէին մտածեր. անոնց համար Պոմպէյը իտէալ վայրն էր խորհրդածելու իրենց սեփական բարոյականութեան մասին:

Վիպագիր սըր Ուոլթըր Սքոթն էր, որ իր մահէն կարճ ատեն մը առաջ վայրը այցելելով` զայն առաջին անգամ նկարագրած էր իբրեւ «մեռելներու քաղաքը». ան տեւաբար այս բառերը կը շշնչար, երբ կը շրջէր պեղուած վայրերուն տարածքին` վերամբարձ աթոռի մը վրայ նստած:

Սակայն ամէն բանէ աւելի հնադարեանին եւ արդիականին համադրումն է, որ շատ լաւ ձեւով կը խորհրդանշէ ինքնին Պոմպէյը. 19-րդ դարու գաճը միաձուլուած է մեռած իրական հռոմէացիներուն վերջին հետքերուն հետ:

Անշուշտ Պոմպէյը աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի լաւ պահպանուած հնադարեան քաղաքն է անկասկած. աշխարհի վրայ այն սակաւաթիւ վայրերէն մէկը, ուր կարելի է իրողապէս քալել հռոմէական փողոցներու մէջ: Սակայն ինչ որ կը տեսնենք հոն, մեծ մասամբ կառուցուած է կամ` վերակառուցուած 20-րդ դարուն:

Թէեւ Պոմպէյի առաջին այցելուները վարուած էին մարդկային գոյութեան անցողակի բնոյթին մասին խորհրդածելու մարմաջով, սակայն անոնք յաճախ յուսախաբութիւն մը կ՛ապրէին ի տես այս քաղաքին: Անկեղծօրէն` անիկա պարզապէս աւերակոյտ մըն էր:

Ինչպէս դժգոհ զբօսաշրջիկ մը նկատած էր, կարծէք քաղաքը կործանած էր թշնամիին դէմ ճակատելով: Անշո՛ւշտ նման երեւոյթ մը ունէր Պոմպէյը. անիկա քանդուած էր հրաբխային կատաղի ժայթքումի մը պատճառով:

Միայն հնադարեան բնակարաններուն վերակառուցումէն ետք է, որ 1900-ական տարիներուն Պոմպէյ սկսաւ նմանիլ այն հնադարեան քաղաքին, ուր կ՛այցելենք ներկայիս: Այսինքն` մինչեւ որ վայրը ծանրօրէն ռմբակոծուեցաւ Դաշնակից ուժերուն կողմէ, Բ. Աշխարհամարտին (երբ իրապէս տեղի ունեցաւ թշնամիին դէմ ճակատում մը եւ աւելի քան 160 ռումբեր ինկան քաղաքին վրայ): Ինչ որ այսօր կը տեսնենք, մասամբ վերակառուցուած տարբերակն է նախապէս վերակառուցուած քաղաքին:

Ոչ ոք կ՛ամբաստանեմ Պոմպէյը «կեղծելու» յանցանքով: Ըսել կ՛ուզեմ, թէ մեր Պոմպէյը, խորքին մէջ, ինչպէս դասական ժամանակներու վայրերուն մեծ մասը, արդիւնք է արդի ժամանակներու վերակառուցողներուն եւ պահպանողներուն եւ ինքնին` հռոմէացի երբեմնի շինարարներուն միջեւ գործակցութեան մը, որուն մէջ աշխատանքի առիւծի բաժինը կատարած է «մեր» կողմը:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ Պոմպէյը նուազ տպաւորիչ է կամ ցնցիչ, ինչպէս գաճով ձուլուած մարմինները կ՛ապացուցեն:

Կեթի թանգարանին մէջ ցուցադրուած կարճ տեսերիզներէն մէկը հատուած մըն է Ռոպերթօ Ռոսելլինիի «Վոյեճ թու Իթըլի» ժապաւէնէն, որուն մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած ամոլը, դերակատարութեամբ` Ինկրիտ Պերկմանի եւ Ճորճ Սենտըրզի, շրջապտոյտ մը կը կատարէ դէպի Իտալիա:

Պոմպէյ հասնելով` ամոլը կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս գաճը կը լեցուի երկու զոհերու փտած մարմիններուն տեղ գոյացած պարապութեան մէջ: Ժապաւէնին ամէնէն աւելի համակող տեսարանին մէջ ի յայտ կու գայ, թէ այս զոհերը իրենց կեանքին վերջին վայրկեաններուն զիրար գուրգուրանքով գրկած ամոլ մըն են, ինչ որ լուռ ամբաստանագիր մըն է` ուղղուած Պերկմանի եւ Սենտըրզի տիպարներուն սնամէջ յարաբերութեան:

Թերեւս պարզապէս հնադարեան խոռոչի մը մէջ լեցուած արդի ժամանակներու գաճի կոյտ մըն է, որ կը տեսնենք, սակայն անիկա տակաւին կը խտացնէ զգացական ուժ մը, ինչպէս մանուկներ եւ ծնողներ ի յայտ կը բերէին Կեթի թանգարանին մէջ, իրենց սեփական դիտանկիւնով:

 

Պոմպէյ` Երեւակայութեան Մէջ

Էտուըրտ Պալուըր-Լեթըն 1834-ին հրատարակուած եւ լաւագոյն վաճառք արձանագրած իր «Տը լասթ տէյզ աֆ Պոմպէյ» (Պոմպէյի վերջին օրերը) գիրքին մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս 19-րդ դարուն մարդիկ հմայուած էին հնադարեան Հռոմի բարոյական ենթադրեալ սանձարձակութեամբ:

«Ափ Պոմպէյ». 1969-1970-ի միջեւ պատրաստուած պատկերասփիւռի այս շարունակական ժապաւէններուն մէջ Ֆրենքի Հաուրտ (տեսնել նկարը), կը մարմնաւորէր Պոմպէյի մէջ չարաշահութեան ենթարկուած ստրուկի մը` Լուրչոյի տիպարը:

«Տաքթըր Հու տը ֆայրզ աֆ Պոմպէյ». 2008-ին պատրաստուած գիտաերեւակայական ժապաւէններու այս շարքին մէջ Պոմպէյի հրաբխային ժայթքումին պատճառը Փիրովայլզ անունով արտերկրացիներն են, որոնք կ՛ապրէին Վեսուվիուս լերան ստորոտին:

 

 

Որքա՞Ն Վտանգաւոր Է Վեսուվիուսը Այսօր

Եւրոպական ցամաքամասին միակ գործող հրաբուխին ժայթքումը 1906-ին պատճառ դարձաւ, որ 1908-ի Ողիմպիական խաղերը Հռոմէն տեղափոխուին Լոնտոն:

Հրաբուխին վերջին ժայթքումը, որ տեղի ունեցաւ 1944-ին (տեսնել նկարը), աւերեց մերձակայ բազմաթիւ գիւղեր:

Երկրաբաններ կ՛ենթադրեն, թէ մեծ ժայթքում մը, հաւանաբար` Պոմպէյը կործանած ժայթքումին տարողութեամբ, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկու դարերուն ընթացքին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES