Յուշերու Շարքէն. Պարեգօտը
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոս Կիպրոս ծնած ըլլալուն, հասկնալիօրէն մասնայատուկ սէր, հետաքրքրութիւն կը տածէր կղզիին, մանաւանդ կիպրահայ գաղութին նկատմամբ ու հարազատ զգացումներով կ՛օրօրուէր, ամէն անգամ որ այցելէր իր ծննդավայրը: Հոս էին իր ընտանեկան պարագաները, վաղեմի բարեկամները, որոնցմէ մին նոյնինքն` երկրին առաջին հայասէր նախագահը` Մակարիոս արքեպիսկոպոս:
Վեհափառը երբ Կիպրոս գար, երբեք չէր մոռնար հայրական Իր գուրգուրոտ վերաբերումը ցուցաբերելու նաեւ Նարեկ վարժարաններու աշակերտութեան: Առիթով մըն ալ Իր կեցութիւնը զուգադիպած ըլլալով ամավերջի մեր հանդէսին ոչ միայն Իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհեց եւ Իր ներկայութեամբ պատուեց ձեռնարկը, այլեւ անձամբ բաշխեց վկայականները այդ տարուան երանաւոր շրջանաւարտներուն, աննախընթաց երեւոյթ մը, արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սահմաններէն դուրս:
Քաղցր Իր միւս պարտքը անխուսափելիօրէն հերթական Իր ջերմ, սիրալիր հանդիպումն ու ողջագուրումն էր Իր հոգեւոր եղբօր` Մակարիոս արքեպիսկոպոսին հետ, նախագահական պալատին մէջ, ուր Իրեն յատուկ դիւանագիտական ճկունութեամբ ու մօտեցումով գաղութային հարցեր, կարիքներ Մակարիոսի ականջին ընդմէջէն կ՛արժանացնէր պետութեան անմիջական նկատառման, հոգատարութեան: Մակարիոսին «այո»-ն կամ խոստումը, որեւէ խնդրանքի դիմաց, գերագոյն կշիռ ունէր եւ ո՛չ դատական ատեան, ո՛չ դահլիճ եւ ո՛չ խորհրդարան կրնային բեկանել զայն:
Ահա այսպիսի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին եւ հաճելի խօսակցութեան մէկ պահուն, Մակարիոս արքեպիսկոպոս նկատած ըլլալով վեհափառին պարեգօտը, գովաբանական ակնարկութիւն մը կ՛ընէր անոր գոյնին եւ որակին մասին, ինչ որ կ՛արձանագրուի վեհափառին մտքին մէջ: Տեղին է յիշել, որ վեհափառը չափազանց բծախնդիր եւ ճաշակաւոր անձ` միշտ ուշադիր էր Իր արտաքինին: Մաքրամաքուր, կոկիկ, շնորհալի եւ առինքնող գրաւչութիւն մը կը սփռէր Իր շուրջ, երբ մեղրամոմի դալկութեամբ ու քնքշութեամբ բուրումնաւէտ Իր Աջը կ՛երկարէր հաւատացեալներուն: Բիծ մը չէիր գտներ Իր սքեմին եւ ոչ ալ կէտ մը փոշի` Իր կօշիկին վրայ: Աչք գամող անհատական քաշողութիւն մը պարզապէս:
Այդ օրերուն պատահեցաւ, որ կրթական գործով մը Պէյրութ գտնուիմ: Առիթէն օգտուելով` կիրակի առաւօր մայր տաճար գացի, Անթիլիաս: Պատարագէն ետք բարձրացայ վեհարան` վեհափառը տեսնելու քաղաքավարական այցի մը պահանջով: Խօսակցութեան առանցքը կազմեց հարկաւ Կիպրոսի կրթական եւ ազգային կեանքը: Հրաժեշտի պահուն վեհափառը խնդրանք մը ներկայացուց Իրեն յատուկ փափկութեամբ եւ մօրուքը շոյելու սովորութեամբ:
– Պրն. Թաշճեան, Կիպրոս ղրկելիք ծրար մը ունիմ: Արդեօք կարելի՞ է ձեզի հետ ղրկել: Գոնէ վստահ կ՛ըլլամ, որ ապահով իր տեղը կը հասնի: Երախտապարտ կը մնամ:
– Ամենայն սիրով, վեհափա՛ռ: Եղածը բան մը չէ, հաճոյքով կը տանիմ ու շուտով ալ կը հասցնեմ հոն ուր որ պէտք է: Ո՞ւր է ծրարը:
– Հիմա բերել կու տամ:
Եւ հեռաձայնի ներքին գիծով հրահանգեց, որ ծրարը բերեն:
Կը կարծէի, որ սանկ փոքր տուփ մըն է եղածը ճամպրուկիս մէկ անկիւնը տեղաւորելու չափ, բայց անակնկալի եկայ, երբ ներս բերին ուռած պայուսակ մը եւ, աւելի՛ն, բաւական ծանր:
– Պարեգօտի կերպաս է Մակարիոսին համար: Երբ Կիպրոս էի, իմ պարեգօտս շատ հաւնեցաւ: Ուրեմն կը հասկնաք… թէ ի՛նչ է, գիտեմ, որ քիչ մը ծանր է, բայց օդակայանը հարց պիտի չունենաք, պիտի կարգադրենք, որ ձեզմէ ծանրութեան յաւելեալ գումար չգանձեն: Կը ներէք, որ ձանձրոյթ պատճառած պիտի ըլլամ ձեզի:
– Անհոգ եղէք, վեհափառ: Ձեզի համար տակաւին քիչ է ըրածս:
– Խորապէս շնորհակալ եմ, բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն:
Աջահամբոյրով մը հրաժեշտ առի վեհափառէն, պարտապանաց պայուսակը ձեռքիս: Յայտնի էր, որ ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը պարեգօտցու էր ղրկածը, հաւատարիմ Իր առատաձեռնութեան:
Երկու օր ետք Կիպրոս վերադարձիս, Լառնաքայի օդակայանին մէջ մաքսատան պաշտօնեան կեցուց զիս` աչքերը սեւեռած վեհի պայուսակին: Մատով նշան ըրաւ որ այդ մէկը դնեմ սեղանին վրայ եւ բանամ քննութեան համար: Փականը դժուարութեամբ ծայրէ ծայր հազիւ բացած` կերպասի մեծկակ փաթթոցը ցցուեցաւ դուրս:
– Ի՞նչ է ասիկա,- հարցուց խստօրէն, լաւ մը խառնելով եւ կասկածելով, որ գաղտնի կերպաս կը մտցնեմ, առանց հետեւելու մաքսային ձեւակերպութիւններուն:
– Այս կերպասը նախագահ Մակարիոսին համար է, կի՛րիէ (պարո՛ն), ըսի առանց այլայլելու: Մեր կաթողիկոսէն նուէր է:
Երեսիս նայեցաւ:
– Մա՛ սովարա՞ միլաս (բայց լո՞ւրջ կը խօսիս), իրա՞ւ է:
– Սուտ խօսելու պատճառ չունիմ:
Սառեցաւ մնաց, ակնապիշ դիտելով մէյ մը զիս, մէյ մը պայուսակը: Շուարած եւ մեղանչողական, առանց շարունակելու հարցուփորձը, արագ մը գոցել տուաւ փականը, օգնութեան ձեռք մըն ալ տալով եւ կաւիճով խաչի պէս նշան մը կնքեց պայուսակին վրայ, կրցածին չափ շուտ:
– Կը խնդրեմ, պարոն, մէկու մը չըսէք, որ այս պայուսակը բանալ տուած եմ: Կը հասկնա՞ք: Մոռցէ՛ք եղածը: Կը ներէ՛ք: Ես այս պայուսակը քննած չե՛մ, եղա՞ւ,- եզակի դէմքով սկսած իր արտայայտութիւնը փոխելով յոգնակիի, ի նշան յարգանքի:
Կը զգայի մարդուն հոգեվիճակը: Մակարիոսը իրենց համար ոչ թէ նախագահ, ո՛չ թէ եկեղեցւոյ պետ կամ էթնարք էր, այլ տեսակ մը Աստուած էր, պաշտամունքի առարկա՛յ, հերո՛ս մը, որ Կիպրոսի ազատագրման եւ անկախութեան պայքարը մղեց կայսերապաշտութեան դէմ, կուրծք տալով արտաքին փորձանքներու եւ մանաւանդ` թրքական խորամանկ եւ վտանգաւոր քաղաքականութեան:
– Լա՛ւ. լա՛ւ մէկու մը չեմ ըսեր,- փորձեցի հանդարտեցնել զինք ժպտալով:
Մաքսատան երկար սեղանին վրայ ի՛մ ձեռքերովս փռուած պայուսակը այս անգամ ձեռնակառք վերադարձաւ իր ձեռքերով: «Կալօ թաքսիտի» (բարի ճանապարհ) մաղթեց ինծի, քանի որ Նիկոսիա պիտի ուղղուէի, քաղաքավարական ժպիտ մը խառնելով իր մաղթանքին:
Քալեցի դէպի ելքի դուռը: Դուրս չելած` գլուխս պահիկ մը ետ դարձուցի բնազդաբար եւ ի՞նչ տեսնեմ: Մարդուն նայուածքը հեռուէն դեռ իմ վրաս էր դրան ուղղութեամբ: Խնդուքս դժուար զսպեցի կատուն մուկի վերածող այս այլակերպումին ի տես:
Յաջորդ օրը, համաձայն խոստումիս, պարեգօտը հասցուցի նախագահական պալատ եւ յանձնեցի ապահովութեան պատասխանատուին:
Քանի մը օր ետք, Եգիպտոսի անկախութեան տարեդարձին առիթով, հրաւիրուած էի պաշտօնական ընդունելութեան դեսպան Հասան Շաշի եւ իր կնոջ կողմէ: Դեսպանին հետ մտերմացած էինք այն օրէն, երբ սկսած էի ուսողութեան դասեր տալ իրենց աղջկան: Սիրուած եւ յարգուած զոյգ մըն էին եւ հետագային նոյն պաշտօնը վարեցին Լիբանանի մէջ: Ընդունելութեան կէսին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ժամանեց օրուան գլխաւոր հիւրը` հանրապետութեան նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս: Շէնքի մուտքին դիմաւորուեցաւ խանդավառ ծափերով եւ դեսպանին եւ անոր կնոջ ընկերակցութեամբ սկսաւ յառաջանալ գլխաւոր դահլիճէն ներս, հրապուրիչ ժպիտը դէմքին, ձեռնուելով հրաւիրեալներուն հետ: Իր սքեմին եւ վեղարին տակ բարձրահասակ իր ֆիզիքականը եւ պատկառազդու երեւոյթը այնպիսի մագնիսականութիւն մը ունէին, որ կարելի չէր աչք հեռացնել իր վրայէն, ուր ալ գտնուէր ան:
Երբ կարգը ինծի հասաւ, յարգանքով խոնարհութիւն մը ըրի եւ ձեռքը առի:
– Ինչպէ՞ս էք,- հարցուց:
– Շնորհակալ եմ, լաւ եմ, ձերդ ամենապատուութիւն:
– Ուրախ եմ:
Եւ հազիւ թէ քայլ առնելու վրայ էր շարունակելու իր շրջանը, ակնթարթի մը մէջ թափ տալով համարձակութեանս եւ թերեւս ալ անտեսելով փրոթոգոլային կանոնը:
– Խորէն Ա. կաթողիկոսին ղրկած ծրարը ստացա՞ք:
Կանգ առաւ, պահիկ մը կշռելով այս անսպասելի հարցումին իմաստը, առանց երեւակայելու, որ երրորդ անձ մը տեղեակ կրնար ըլլալ նուէրի տուչութենէն:
– Ա՜հ, այո, այո՛, ստացայ, շնորհակալ եմ,- պատասխանեց բացայայտ զարմանքով: – Ուրկէ՞ գիտէք:
– Բերողը ես էի: Վեհափառին փափաքով: Կ՛ուզէի վստահ ըլլալ, որ ձեր ձեռքը ապահով անցած է:
– Այո՛, այո՛, ատենին առի եւ շնորհակալական գիր մըն ալ ղրկեցի նորին սրբութեան: Շնորհակալ եմ նաեւ ձեզի, ձեր օգնութեան համար:
– Հաճոյքը իմս էր, ձերդ վսեմութիւն եւ գիտէ՞ք` ի՛նչ պատահեցաւ օդակայանին մէջ…
Խօսակցութիւնը հաճելի նոր դարձուածք մը ստացաւ, երբ երկու բառով պատմեցի օդակայանի դէպքը, մաքսատան պաշտօնեային իրարանցումը… ինչ փոյթ, թէ դրժած կ՛ըլլայի մարդուն տուած խոստումս:
Մակարիոսին աչքերը լայնցան եւ բարձրաձայն արտասովոր խնդուք մը փրցուց բոլորին առջեւ` հետաքրքրութիւն առթելով շուրջիններուն մօտ: Խնդացին նաեւ դեսպանն ու իր կինը:
Հաւանաբար ինծի մօտիկ հրաւիրեալներուն մէջ կարծողներ եղան, որ Վարդանը նորէն ձեւը գտաւ իր անեքթոտներէն մէկը պատմելու, այդ ալ անձի մը, որ կը կոչուի Մակարիոս:
Ձեռքը երկրորդ անգամ երկարեց ինծի, եւ ես խոնարհելով շրթներս նորէն դրոշմեցի անոր վրայ:
Ափսո՜ս, բի՜ւր ափսոս, ո՞վ կրնար երեւակայել, որ բարեբաստիկ այս հանդիպումէն ճիշդ երկու շաբաթ ետք իմ յաջորդ խոնարհութիւնս պիտի ըլլար իր բաց դագաղին առջեւ, Նիկոսիոյ յունաց Ս. Յովհաննու մայր տաճարին կեդրոնը զետեղուած պատուանդանին վրայ, քաղցր իր ժպիտը յաւիտենապէս մարած դէմքին դիմաց, եւ իմ շրթներս պիտի դրոշմէի այս անգամ դալկահար ձեռքին մէջ սեղմուած Աւետարանին վրայ, խոշոր ծաղկեպսակը ձեռքիս, յարգանքի պաշտօնական տուրքս տալու Նարեկ վարժարաններու տնօրէնի հանգամանքովս:
Պարեգօտը վայելելու առիթը ունեցա՞ւ, թէ՞ ոչ, գաղտնիք մըն է, որ թաղուած մնաց այդ դագաղի կափարիչին տակ:
Նիկոսիա
23 նոյեմբեր, 2012.


