Այնճարի Հայաւանի Թագուհին. «Ալիք Փալաս» Լողաւազան – Ճաշարանը
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Վերջերս Այնճար հայաւանը սկսաւ զարգանալ նոր ուղղութեամբ մը` իր նորակարոյց «Ալիք փալաս» լողաւազան-ճաշարանով, Այնճարի բերդի մուտքին դիմաց: Այնճարը հինէն ի վեր հանրածանօթ է ջրառատ ակին շուրջ իր ունեցած պարտէզներով ու ճաշարաններով:
«Ալիք» լողաւազան-ճաշարանը իր գրաւչութեամբ ու գեղեցկութեամբ, Այնճարին մէջ կը ստեղծէ վայելքի ու մարմնամարզի նոր կայան մը` գիւղին ու անոր շրջանի բնակիչներուն համար: Ան ունի բացառիկ դիրք. դիմացը` պատմական բերդաքաղաքին աւերակները, հեռուն` Սաննին լեռը, իսկ անոր ստորոտը` Պեքաայի հովիտն ու Զահլէն, աջին, քանի մը հարիւր մեթր անդին` սուրիական սահմանը եզերող լեռնաշղթան, «Ալիք»-ի ճամբուն միւս կողմը` բարձրահասակ բարտիներու տերեւներուն խշրտոցը, արդիական նրբաճաշակ ճարտարապետական կառոյցը, նոյն ատեն` պատմական հնութիւններ յիշեցնող զարդարանքները, երկինքի կապոյտով ներկուած լողաւազանը: «Ալիք փալաս»-ը իր ունեցած
բոլոր այս յատկութիւններով իրաւացիօրէն կարելի է կոչել Այնճար հայաւանի թագուհին: «Ալիք»-ով Այնճարը քայլ մը եւս դուրս կու գայ «սքանչելի մեկուսացում»-էն:
Շատերու համար անտանելի դարձած է այս երկիրը, ուր ելեկտրականութեան հոսանքը օրական 24 ժամ կ՛անջատուի, ջրառատ երկրի մէջ բնակչութիւնը ջուրի պակասէ կը տառապի, ուր ամենափոքր դժգոհութիւնը առիթ կու տայ անիւներ այրելու, մայրուղիներ փակելու, ուր ամէն մարդ զինուած է եւ պատրաստ` որեւէ ատեն ամբողջ երկիրը բռնկեցնելու: Շատեր իրենց պայուսակները արդէն պատրաստած են երկիրը լքելու: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի ճեպելմուսացի Աշգարեան հինգ «խենթ» եղբայրներու խիզախութիւնը հարիւր հազարաւոր տոլարներու հասնող ներդրումը` Այնճարի մէջ լողաւազան- ճաշարան մը շինելու համար: Մարդիկ երկու տեսակ են. անոնք, որոնք կը հաւատան երկրին ու կը մնան, եւ միւսները, որոնք չեն հաւատար եւ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը նոր հորիզոններ փնտռելու հետամուտ կ՛ըլլան: Հինգ եղբայրները` Սարգիս, Փիեռ, Ժոզեֆ, Ժորժ եւ Համբարձում, զաւակներն են Ճեպել Մուսայի Խըտըրպեկ գիւղէն Յովհաննէս Աշգարեանի եւ Եւա Փամպուքեանի: Վերջերս հանդիպում մը ունեցայ Աշգարեան հինգ եղբայրներէն մէկուն` Ժոզեֆին հետ, տեղեկանալու համար «Ալիք» լողաւազան-ճաշարանի ծննդոցին ու զարգացման մանրամասնութեան:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պր. Ժոզեֆ, կարելի՞ է գիտնալ, թէ լողաւազան մը կառուցելու գաղափարը ինչպէ՞ս յղացուեցաւ, ե՞րբ շինուեցաւ եւ ովքե՞ր էին զայն շինողները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 2002-ին, երբ ոսկերչական ասպարէզը սկսաւ տկարանալ ոսկիի սղութեան պատճառով, մտածեցինք նոր ծրագիրներու մասին: 2004-ին էր, որ ձեւ առաւ Այնճարի մէջ արդիական լողաւազան մը կառուցելու ծրագիրը` միատեղ զայն օժտելով ճաշարանով մը: Տեղի ընտրութիւնը կարեւոր էր, անիկա մատչելի պէտք էր ըլլար բոլորին` թէ՛ գիւղի բնակիչներուն եւ թէ՛ դուրսէն եկողներուն: Նոյն ատեն շրջապատին գրաւչութիւնը պայման էր: 2006-ին շինեցինք աւազանին ցանկապատը եւ դրինք շէնքին հիմերը: Դժբախտաբար նոյն տարուան յուլիսին իսրայէլեան ներխուժումը Լիբանան պատճառ դարձաւ, որ շրջան մը գործը դադրի: 2010-ին շինութիւնը վերսկսաւ եւ իր աւարտին հասաւ 2011-ին: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ նոյն տարուան յունիս 18-ին` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆետի Ապպուտը ներկայացնող Ժան Արապիի, նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ժաք Չուխատարեանի, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:
«Ալիք» լողաւազան-ճաշարանին ճարտարապետն է Հրակ Սթանպուլեան, իսկ ներքին կառոյցին ու կահաւորման պատասխանատուները եղած են Աշգարեան հինգ եղբայրները:
Ճաշարանը մինչեւ չորս հարիւր հոգի կրնայ ընդունիլ եւ ունի ամէն յարմարութիւն` խրախճանքներու ու հարսանիքներու համար: Ճաշատեսակներու համար նկատի ունեցած ենք թէ՛ արեւելեանը եւ թէ՛ արեւմտեանը: Լողաւազանը ընտանեկան է: Իր ունեցած բոլոր յարմարութիւններով արդիական է, նոյն ատեն` առողջապահական բոլոր պայմանները լրացնող: Օրական հարիւրաւոր յաճախորդներ կ՛ունենանք` փոքրիկներ, պատանիներ, կիներ, այրեր: Ունինք լողալ սորվելու դասընթացք շաբթուան մէջ առաւօտեան ժամը 9:00-10:00: Մեր յաճախորդներուն 30 առ հարիւրը գիւղէն են, մնացեալը` շրջակայքէն: Գործը կը ղեկավարուի Աշգարեան ընտանիքի անդամներուն կողմէ, գործաւորները ընդհանրապէս շրջանի գիւղերէն են, քարտուղարուհին այնճարցի է:

