ՀՅ Դաշնակցութեան 122-ամեակ. Մեր Կողմնացոյցը Ա.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պիտի չուզէինք երբե՛ք տարեթիւերու յորձանուտին յանձնուիլ ու անկէ թելադրուած հիմնաւորել կուսակցութեան մը, այս պարագային ՀՅ Դաշնակցութեան աւելի քան 120-ամեայ երթին ու պատգամին անժամանցելիութիւնը, պարզապէս կրկին անգամ յիշատակելու անոր փառահեղ անցեալն ու ներկայի գործունէութիւնը:

Այլապէս ալ, փաղաքշական խօսքերն ու պսպղուն միտքերը չեն, որ արժանաւորապէս պիտի գնահատեն գաղափարական լիցքով օժտեալ ու իր ժողովուրդին պայքարի արգանդէն ծնունդ առած յեղափոխական այս կազմակերպութեան այնքան հարուստ դիւցազնավէպ պատմութիւնը, որով ապրեցան ու դաստիարակուեցան իրերայաջորդ սերունդներ համակ:

Անոնք` առաջին սերունդի ազատութեան ջահակիրները, դէպի մահ սաւառնելու իրենց վճռակամութեամբ անգամ եղան օրինակելի, անվախ, անկոտրում կամքի տէր, քաջարի ու ազնուասիրտ, հայրենասէրի իրենց կերպարին մէջ անփոխարինելի, գաղափարական աշխարհով անբասիր, հայդուկային կազմաւորումով հերոսատիպ, մարդկային վեհ սկզբունքներուն ջանադիր, ցեղային առանձնայատկութեամբ օժտեալ, շահագործուող տարրին օգնելու պատրաստակամ, ազգը պաշտպանելու հաւատամքին կառչած, անկախութիւն կերտելու նախանձախնդիր, հայ ժողովուրդի տառապանքները կիսելու միշտ պատրաստ, անոր արդար իրաւունքին տէր կանգնելու հաւատարիմ, եւ, առանձնապէս ազգակերտ ու հայրենակերտ իրենց արարքներով յիշարժան:

Յիրաւի, եթէ երբեք ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերային¬տնտեսական, քաղաքական¬գաղափարական տեսլականներուն հանդէպ իրերայաջորդ սերունդներ ցոյց տուին եզակի հաւատարմութեան կոչում եւ արի կեցուածք` կերտելով յաղթադրոշմ ու պանծալի էջեր, ապա իրենց կարգին Քրիստափորի, Ռոստոմի ու Զաւարեանի նման անկրկնելի հիմնադիրներ խարսխեցին ղեկավար-առաջնորդի, գաղափարախօսի, հրապարակագիրի, անզուգական գործիչի ու մանաւանդ դաշնակցական կերպարի անշրջանցելի տիպը, որով հմայուեցան, խանդավառուեցան, կլանուեցան ու ամրապնդուեցան դաշնակցական տիտաններ` Արաբօ, Հրայր Դժոխք, Գէորգ Չաւուշ, Սպաղանաց Մակար, Փեթարայ Մանուկ, Չոլոյ, Գալէ, Նիկոլ Դուման, Արամ, Ռուբէն, Իշխան, Անդրանիկ, Գարեգին Նժդեհ, Դրօ, Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան ու  անհամար նուիրեալ ու ասպետական հոգիի տէր յեղափոխականներ:

Յայտնապէս նման դիւցազուններու էութենէն ճախրող մէն մի խոյանք, ծառայասիրական գիտակցութիւն, բարբարոս թշնամի` թուրքին հարուածելու արիութիւն ու կամքի դրսեւորումներ իսկական պատուանդան հանդիսացան աշտարակելու դաշնակցական բարոյական դիմագիծի ու աշխատանքի կողմնացոյցը, որով առաջնորդուեցան ու պիտի շարունակեն առաջնորդուիլ նորահաս սերունդի ուխտաւոր դաշնակցականներ:

 

Share this Article
CATEGORIES