Ժիւտօ. Շաբաթավերջին` Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւնը
Այսօր` շաբաթ եւ վաղը` կիրակի, Լիբանանի ժիւտոյի ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Պուտտա ակումբ, Ատմա), տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ երկիրներու մարզիկներուն:
Իրաք, Յորդանան, Եմէն, Սուրիա, Պաղեստին եւ Լիբանան:
Նշենք, որ երէկ Լիբանան ժամանեցին նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Մուսաուի, ինչպէս նաեւ Արաբական ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Նաաման Շահեր, որոնք հանդիպում ունեցան պատուիրակութիւններու նախագահներուն հետ:
Այսօր առաւօտեան պիտի սկսին զտումի մրցումները, որոնցմէ ետք ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Իսկ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ փակման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը այս մարզով հետաքրքրուող համակիրները հրաւիրեց, որպէսզի ներկայ գտնուելով մրցումներուն քաջալերեն լիբանանցի մարզիկները:

