Ճատրակ. Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին` Ֆրերներու Մրցաշարքը

Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Ֆրերներու վարժարանը (Ֆըրն Շըպպեք) կը կազմակերպէ ճատրակի իր տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ մէկ օրուան վրայ (կիրակի, 16 դեկտեմբերին) եւ կը սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին` տարբեր տեսակի դասակարգերու մրցումներով: Այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութիւնը:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 15 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 19:00-ը: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց անունները արձանագրել, պէտք է կապ հաստատեն կա՛մ Էլի Խէյրալլայի (03-883225), կա՛մ ալ Էլի Հուլիշեանի (03-705210): հետ:

Մրցաշարքին կազմակերպիչ յանձնախումբին գլխաւոր պատասխանատու Էլի Խէյրալլա երէկ «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական էջի խմբագիրին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսաւ, որ տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի, ինչպէս նաեւ 18 տարեկանէն վեր դասուած եւ չդասուած դասակարգի մրցումներ:

Ան ըսաւ, որ 18 տարեկանէն վեր դասուած խաղացողներուն պարագային, անոնք պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ (առաջին երեքը), իսկ վերոնշեալ վեց դասակարգերուն առաջին հանդիսացողները` յիշատակի այլ կարեւոր նուէրներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES