Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Քուէյթ
Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 դեկտեմբեր 2012-ին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Քուէյթ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 10 պատասխանատուներ եւ 20 մարզիկներ:
Նշենք, որ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Ահմետ Ամարէտտին եւ Մահմուտ Ռըպաա, իսկ խումբին մարզիչն է գերմանացի Թէօ Պոքըր:
Ստորեւ` Լիբանանի մարզիկներուն ցանկը.
Ապպաս Հասան, Լերի Մըհաննա, Նազիհ Խըտըր Ասատտ, Ալի Սաատի, Հասան Շըհիթօ, Ուալիտ Իսմայիլ, Մոհամետ Սամըս, Մոհամետ Հայտար, Հայսամ Ֆաուր, Ահմետ Զըրէյք, Մութազ Ժունտի, Ամեր Խան, Ապպաս Աթուէ, Մահմուտ Ալի, Ռիտա Անթար, Հասան Մըզհեր, Ֆայեզ Շամսին, Մահմուտ Քըժըք, Նուր Մանսուր եւ Ատնան Հայտար:
CATEGORIES Մարզական

