«Մեր Նպատակն Է Երիտասարդները Համախմբել Եւ Զանոնք Գիտելիքներով Զինել» Հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Երկու տարի առաջ ընթացք առած երիտասարդական «Հայ Եութ» ծրագիրին նպատակին, առաջադրանքներուն, ստեղծման պայմաններուն, ծաւալած գործունէութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» դիմեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Ստորեւ կը ներկայացնենք սրբազան հօր հետ կատարուած հարցազրոյցը:

«ԱԶԴԱԿ».- Ե՞րբ ծագում առաւ երիտասարդական համախմբումը` «Հայ Եութ»:

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- «Հայ Եութ» ծրագիրը սկսանք իրագործել 2 տարի առաջ: Հիմնականին մէջ այս ծրագիրը կու գայ այն անհրաժեշտութենէն, որ այսօր երիտասարդութիւնը շատ մօտէն չէ առնչուած ազգային կեանքին: Երիտասարդական, միութենական, կուսակցական կազմակերպութիւններ կան, սակայն Ազգ. առաջնորդարանի աշխատանքներուն եւ գործունէութեան շրջագիծին մէջ նոր սերունդի մօտ գիտելիքներու պակասը սկսած է մեզ մտահոգել. ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ, այդ երիտասարդները իբրեւ հասուն տարիքի մեր համայնքի զաւակներ` իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան, որովհետեւ այս կառոյցը կը գործէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներուն հիման վրայ: Ազգային սահմանադրութիւնը մեծ տարողութեամբ աշխարհականներու դեր եւ մասնակցութիւն կ՛ընծայէ, որպէսզի անոնք իրենց բաժինը բերեն ազգային կեանքին` Ազգային առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ: Ազգային առաջնորդարանը կրօնական եւ աշխարհական մեր գործունէութեան կեդրոնն է, հետեւաբար երբ աշխարհականներու մեծ տոկոսի մասնակցութիւն կայ ազգային կեանքի եւ Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեանց մէջ, անհրաժեշտութիւն կը նկատուին, որ եկող նոր սերունդները ունենան բաւարար գիտելիք եւ դաստիարակութիւն, որպէսզի գան ու իբրեւ աշխարհականներ իրենց բաժինը բերեն ազգային կեանքին` համաձայն Ազգային սահմանադրութեան: Այս մտահոգութիւններէն մեկնած, նաեւ նկատի ունենալով նոր սերունդներու մէջ ազգային դաստիարակութեան տեսակէտէն բաւարար գիտելիքի պակասը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կամ հայ համայնքի պատկանող երիտասարդ-երիտասարդուհիներու համախմբում մը յառաջ բերելը անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որպէսզի կարենանք այդ համախմբումին տարած աշխատանքներով, գործունէութեամբ այս երիտասարդութիւնը բաւարար չափով վարժեցնել, որ ի՛նչ դերակատարութիւն եւ ի՛նչ պարտականութիւն կը սպասուի իրենցմէ: Այս աշխատանքը սկսանք 2 տարի առաջ. դժուար է, որովհետեւ շրջագիծը լայն է, եւ հայ համայնքի բոլոր երիտասարդուհիներուն հասցէագրուած է, զանոնք համախմբելը բաւական նուրբ եւ դժուար գործ մըն է, սակայն մենք միշտ կը փորձենք ձեւերը գտնել, որպէսզի այս համախմբումը յաջողցնենք:

Երիտասարդական համախմբումը միութենական, կազմակերպական նոր կառոյց մը հիմնելու տրամադրութիւն չունի, ոչ ալ եղած կազմակերպութիւնները խաչաձեւելու միտում ունի: Անոր կրնան մասնակցիլ բոլոր միութիւններէ, կազմակերպութիւններէ եկած հայ առաքելական տղաք: Անոնք յետոյ կը վերադառնան իրե՛նց պատկանած կազմակերպութեան կամ միութեան: Մեր կատարածը միայն համախմբում մըն է, զօրահաւաք մըն է` իրենց ազգային դերակատարութեան մասին գաղափարներ եւ գիտելիքներ փոխանցելու կամ անդրադարձնել տալու, որ ինչ կը սպասենք մենք իրենցմէ:

«Ա.».- Քանի՞ անդամներէ բաղկացած է համախմբումը:

Գ. Ա. Խ.- Չենք կրնար հաշուել. անդամներուն թիւը առ այժմ մեծ չէ, որովհետեւ կայ այն տրամադրութիւնը, որ երբ Ազգային առաջնորդարանի երիտասարդական հաւաք կ՛ըսենք, շատեր կը կարծեն, թէ հոգեւոր եւ կրօնական բնոյթի աշխատանք մըն է, գործունէութիւն մըն է, եւ իրենք չեն հետաքրքրուած անով: Կրնայ ըլլալ, որ այս համախմբումը ունենայ հայ եկեղեցւոյ հետ կապուած աշխատանքներ, գործունէութիւն, սակայն ազգային նկարագիր ունեցող Ազգային առաջնորդարանը միայն հոգեւոր կեդրոն մը չէ, նաեւ հայկական եւ հայ ժողովուրդին պատկանող կառոյց մըն է: Ազգային հասկացողութեան մէջ կայ աշխարհական եւ կրօնական ըմբռնումը: Ազգային դաստիարակութիւն կը նշանակէ ե՛ւ հայեցի, ե՛ւ հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութիւն` միախառնուած: Պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ գործին մէջ մեծ տարողութեամբ աշխարհականներ մասնակցած են:

«Ա.».- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ երիտասարդական համախմբումը:

Գ. Ա. Խ.-  Այս համախմբումին առաքելութիւնը յստակ դարձնելու նպատակով նաեւ նշանաբան մը որդեգրեցինք, որ կ՛ըսէ` «Ինքնութիւն, ժառանգութիւն, յանձնառութիւն», որովհետեւ երիտասարդը այսօր ուշադիր չէ իր ինքնութեան եւ անոր իբրեւ հետեւանք` շատ ալ գիտակից չէ իր ժառանգութեան եւ, հետեւաբար, յանձնառութեան մէջ պատրաստ չէ: Մեր ուզածը հաւաքներու ճամբով հայ երիտասարդութեան անդրադարձնել է ինքնութեան կարեւորութեան մասին, որպէսզի անհոգութեամբ չհեռանան եւ այդպէս չվերաբերին համայնքային հասարակական կեանքի աշխատանքներուն: Երբ գիտնան իրենց հայ ըլլալը, նաեւ գիտակցին, թէ հայ ըլլալը ի՛նչ պատմական մշակութային ժառանգութիւն ունի, որոնց ժառանգորդը ըլլալու պարտաւոր են, զայն պահելու յանձնառութեան տակ դրուած են եւ պատրաստակամ ըլլան իրենց ազգային դերակատարութիւնը ունենալու: Անտարբերութիւնը նաեւ կու գայ գիտութեան եւ դաստիարակութեան պակասէն, եւ երբ տեղեակ չեն, արդէն հետաքրքրուած չեն:

«Ա.».- Ներկայիս ի՞նչ աշխատանքներ կը ծաւալէ «Հայ Եութ»-ը:

Գ. Ա. Խ.- Ներկայիս հոգեւոր ապրումներ ունեցող երիտասարդներու հաւաքներ կը կազմակերպուին: Այն տղաքը, որոնք հոգեւոր մատակարարման կամ հոգեւոր կեանքի ապրումի կարիքը ունին, անոնց համար հաւաքներ կ՛ըլլան: Մենք այս հաւաքներուն կարեւորութիւն տուինք, որովհետեւ վերջին շրջանին մէջտեղ եկան զանազան տեսակի օտարացնող, հոգեւոր անուան տակ գործող շարժումներ, եւ դժբախտաբար մենք շատ անգամ չենք անդրադառնար, որ մեր տղաքն ալ ունին հոգեւոր պահանջներ ու ապրումներ, եւ իրենց այդ ապրումները պէտք է մշակուին, զարգանան, սնուցուին: Ներկայիս շաբաթական ձեւով «Հայ Եութ»-ի հոգեւոր բնոյթի կողմը ընդգրկող գործունէութիւնը կայ, սակայն մենք միշտ կը մտածենք այլ կողմերու մասին, ինչպէս` մշակութային երեկոներ կազմակերպել, օրինակ` Սայաթ Նովայի նուիրուած եւ այլն:

«Ա.».- Խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին:

Գ. Ա. Խ.- Մեր նպատակն է յաջողցնել եւ երիտասարդները համախմբելը, լսել զիրենք, հանդիպիլ, այդ կարգախօսին շուրջ ծաւալող ծրագիրներ մշակել եւ իրենց ըսել յառաջիկային իրենցմէ սպասուած պարտականութիւններու եւ դերակատարութիւններու մասին: Դարձեալ կ՛ըսեմ, որ մեր եկեղեցին եսակեդրոն չէ, աշխարհականները շատ մեծ մասնակցութիւն ունին, լիակատար մասնակցութիւն եւ իրաւասութիւն ունին, սակայն ասոր դիմաց պէտք է ունենան իրենց պարտականութիւնները կատարելու բաւարար  ծանօթութիւն, գիտութիւն, դաստիարակութիւն,  որպէսզի իրենց ստանձնած գործը ճիշդ ձեւով կատարեն ազգի կեանքին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES