Արցախեան Պատերազմը Ազրպէյճանի Շնորհիւ Կու Գայ Հոլիվուտ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արցախի շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը ոեւէ մէկուն իրաւունք չի տար ցեղապաշտական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելու սահմանէն այն կողմ գտնուող մարդոց հասցէին: Նոյնիսկ պատերազմական պայմաններուն մէջ գոյութիւն ունին վարքագիծի քաղաքակիրթ չափանիշներ:

Քանի որ այս երկու դրացի երկիրները կը գտնուին բարդ բանակցութիւններու մէջ` իրենց դժուարին հակամարտութիւնը լուծելու համար, անպատասխանատուութիւն է կրակին վրայ իւղ թափել` հրահրելով ազգամիջեան ու միջկրօնական ատելութիւնը եւ բորբոքելով կուտակուած զգացումները: Մինչ որոշ հայեր կրնան ներգրաւուիլ պարբերաբար դրսեւորուող զգացական պոռթկումներու մէջ, Ազրպէյճանի ղեկավարները ցեղապաշտական յայտարարութիւններն ու հակահայկական սպառնալիքները դարձուցած են պետական քաղաքականութիւն:

Նման ամօթալի վարքագիծը պատճառ դարձաւ, որ արցախեան հակամարտութիւնը տարածուի Հունգարիոյ մէջ (օգտագործելով կացինը), Մեքսիքոյի մէջ (հինգ միլիոն տոլար արժողութեամբ շռայլ նուէր խոստանալով պուրակի մէջ Ալիեւի արձանի տեղադրման համար` հակահայկական յուշատախտակով) եւ այլ երկիրներու մէջ, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը գտնուին հակամարտութեան իսկական թատերաբեմէն:

Այժմ ազրպէյճանցիները որոշած են արցախեան պատերազմը փոխադրել Հոլիվուտ, երբ Հայաստան «Օսքար»-ի համար պաշտօնապէս ներկայացուց «Եթէ բոլորը…» խորագիրը կրող անմեղ ժապաւէն մը` «Լաւագոյն արտասահմանեան ժապաւէն» անուանակարգին: Ժապաւէնի ամերիկեան բացումը կայացաւ անցեալ շաբաթ, Հոլիվուտի մէջ, «Արփա» միջազգային ժապաւէնի փառատօնին:

Հայկական ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է երիտասարդ ռուս աղջկան մը պատմութիւնը, որուն հայրը զոհուած է արցախեան պատերազմի ժամանակ: Քսան տարի անց ան կու գայ Հայաստան` յուսալով հօր զօրամասի հրամանատարին օգնութեամբ  գտնել իր հօր անանուն գերեզմանը: Երկար փնտռելէն ետք երիտասարդ աղջիկը կը բացայայտէ, որ հօր գերեզմանը կը գտնուի սահմանին միւս կողմը` Ազրպէյճանի տարածքին: Ան եւ հայ հրամանատարը գիշերուան քողի տակ գաղտնի կ՛անցնին սահմանագիծը եւ մինչ կեչիի ծառ կը տնկէին աղջկան հօր գերեզմանին, կը բախին զինուած ազրպէյճանցի հովիւին, որ կը սպառնայ կրակել անոնց վրայ: Յետոյ իմանալով, որ աղջկան հայրը թաղուած է այնտեղ, ազրպէյճանցին անոնց առիթ կու տայ անվնաս հեռանալու` ցաւը սրտին անոնց պատմելով, որ իր 10-ամեայ որդին եւս զոհուած է պատերազմի ժամանակ` կոխելով ականի մը վրայ:

Ազրպէյճանցի հովիւը կը պատմէ, որ ան չի կրնար այցելել իր զաւկին գերեզմանը, քանի որ անիկա կը գտնուի Արցախի մէջ: Ժապաւէնը կ՛աւարտի բարձր նոթայի վրայ` հրաշալի ժեսթով, երբ ռուս աղջիկը եւ անոր հայ ուղեկիցը ուրիշ ծառ մըն ալ կը տնկեն` այս անգամ արդէն ազրպէյճանցի տղուն գերեզմանին:

Թէեւ ժապաւէնը չ՛ընդգրկեր հակաազրպէյճանական հռետորութիւն եւ չի ցուցադրեր որեւէ տեսարան Ղարաբաղի պատերազմէն, այնուամենայնիւ ազրպէյճանցի լրագրողները խստօրէն քննադատած են ժապաւէնը` առանց պատկեր մը իսկ դիտելու: Ակնյայտ է, որ հայկական ժապաւէն ըլլալու հանգամանքը արդէն բաւարար պատճառ է անոնց համար` փորձելու խոչընդոտել ժապաւէնի ներկայացման Ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ժապաւէնը կեղծօրէն որակած են իբրեւ «քարոզչական ժապաւէն» եւ «Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի սանձազերծած տեղեկատուական պատերազմի» օրինակ:

Հարցերը ա՛լ աւելի վատթարացնելով` ազրպէյճանցի լրագրող Ալի Հաճիզատէն յարձակեցաւ Շարժապատկերի արուեստի եւ գիտութեան ակադեմիայի խօսնակ Թենի Մելիտոնեանին վրայ, միայն անոր համար, որ ան ծագումով հայ է:

Իբրեւ իր պաշտօնական պարտականութեան մաս, ան մամլոյ հաղորդագրութիւն հրապարակած էր`  նշելով այն 71 արտասահմանեան երկիրներուն անունները, որոնք ժապաւէններ ներկայացուցած էին «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգին, ներառեալ` Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան:

Ազրպէյճանցիներուն համար կարեւոր է հասկնալ, որ նման ցեղապաշտական ելոյթները տեղ չունին քաղաքակիրթ հասարակութեան մէջ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ ոչ թէ` այլատեացութեան վիրաւորանքներ շպրտելով: Օր մը, երբ խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանի մէջ, հայերն ու ազրպէյճանցիները պէտք է կողք-կողքի ապրին ոչ թէ իբրեւ թշնամիներ, այլ` իբրեւ դրացիներ եւ ընկերներ: Ատելութիւն եւ ցեղապաշտութիւն սերմանող ազրպէյճանցիները ոչ միայն ցեխ կը շպրտեն իրենց սեփական հեղինակութեան վրայ, այլեւ անտեղի կը խորացնեն եւ կ՛երկարաձգեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ հակամարտութիւնը:

Բարեբախտաբար հայերը զերծ մնացին «Օսքար»-ի  համար Ազրպէյճանի ներկայացուցած ժապաւէնին դէմ պատասխան քայլերէն: Քաղաքական պայքարը պէտք չէ փոխակերպուի մշակութային պատերազմի կամ անձնական վրէժխնդրութեան: Թող յաղթէ լաւագոյն ժապաւէնը, անկախ անկէ` ան պիտի արտադրուի հայու, ազրպէյճանցիի կամ թուրքի կողմէ: Այս տարուան դեկտեմբեր 20-ին Ակադեմիան պիտի յայտարարէ «Օտար լեզուով լաւագոյն ժապաւէն» անուանակարգի ինը ժապաւէններու, 2013 թուականի յունուար 10-ին` հինգ եզրափակիչ հասած կարճ ցանկը, իսկ 2013 թուականի փետրուար 24-ին` «Օսքար»-ի յաղթողը:

«Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը միասնաբար նկարահանած են Թերեզա Վարժապետեանը եւ մրցանակակիր դերասան ու բեմադրիչ Միքայէլ Պօղոսեանը, որ ժապաւէնի մէջ կը խաղայ հայ հրամանատարին դերը: Ժապաւէնի բեմադրիչն է Նաթալիա Պելիաուսկենէն, իսկ երիտասարդ ռուս աղջկան դերակատարը` Եկատերինա Շիտովան: Ժապաւէնը ցուցադրուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Փարիզի, Պուքրէշի, Հոլիվուտի մէջ եւ արժանացած` շարք մը մրցանակներու միջազգային ժապաւէնի փառատօներուն:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Share this Article
CATEGORIES