Ըստ «Սանտէյ Թայմզ»-ի Իրանի Դէմ Հաւանական Յարձակումի Մը Պարագային Իսրայէլ Ազրպէյճանի Մէջ Տեղակայուած Առանց Օդաչուի Թռչող Սարքերը Պիտի Օգտագործէ
Չինական «Քսինհուա» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթի մէկ յօդուածը, կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական կայանները հարուածելու պարագային Իսրայէլ մտադիր է օգտագործել Ազրպէյճանի մէջ տեղակայուած առանց օդաչուի թռչող սարքերը:
Բրիտանական օրաթերթին նիւթը բաւական արդիական կը նկատուի, որովհետեւ չի բացառուիր, որ Իսրայէլ յառաջիկայ տարի հարուածէ Իրանի հիւլէական կայանները, ինչին Թեհրան պիտի պատասխանէ «Շահապ-3» եւ այլ հեռահաս հրթիռներով: Սակայն օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ նախքան իրանեան հրթիռները գետնէն կտրուին, «Հելֆայըր» մարտագլխիկներով զինուած «Իթան» առանց օդաչուի թռչող սարքերը (որոնք նաեւ ծանօթ են «Հերոն» անունով եւ տեղակայուած են միայն Ազրպէյճանի մէջ), կը վնասազերծեն զանոնք:
Անցեալ տարուան ընթացքին պատրաստուած շարք մը զեկուցումներ կը վկայեն, որ Իրանի սահմանակից Ազրպէյճան առանցքային դերակատարութիւն պիտի ունենայ Թեհրանի դէմ Թել Աւիւի յարձակումին հարցին մէջ: Ազրպէյճան կա՛մ ռմբաձիգներու համար վայրէջքի եւ վառելանիւթի մատակարարման իբրեւ կայան պիտի ծառայէ, կա՛մ ալ պիտի օգտագործուի ցամաքային յարձակումներու համար, ուրկէ առանց օդաչուի թռչող սարքերը իրանեան հիւլէական կայաններու դէմ պիտի յարձակին:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Իսրայէլի Նեկեւ անապատին մէջ տեղակայուած «Նեւատիմ» օդուժի ռազմակայանի տարածքին մէջ կայ ամերիկեան արտադրութեամբ ռատար մը, որ կարողութիւնը ունի կարճ ժամանակուան մէջ յայտնաբերելու հազար մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող իրանեան հրթիռները եւ անոնց արձակման համար օգտագործուած հարթակները:
Իսրայէլի զինեալ ուժերու լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սանտէյ Թայմզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «մենք պիտի փորձենք վերացնել զանոնք այն ժամանակ, երբ հրթիռները կը գտնուին առաջին աստիճանի մէջ, երբ անոնց շարժակները արդէն բոցավառուած պիտի ըլլան: Եթէ ատիկա (պատերազմը), ամէն պարագայի, տեղի ունենայ, ապա իրանեան բոլոր հրթիռները պիտի վնասազերծուին մեր օդուժին կողմէ»:
Թէեւ Իսրայէլ կը հերքէ զինուած առանց օդաչուի թռչող սարքեր ունենալու հանգամանքը, սակայն անկախ փորձագէտներ կը գտնեն, որ այդ երկիրը բազմաթիւ անգամներ` տարբեր առիթներով այդպիսի սարքեր օգտագործած է:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով բրիտանական օրաթերթին յօդուածը, զայն «անհիմն ու անհեթեթ» անուանած է:
«Պաքու երբեք պիտի չարտօնէ իր տարածքը դրացիներու դէմ օգտագործել», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ:


