Թուրքիա Ռուսիայէն Խնդրած Է Կազի Մատակարարման Ծաւալները Մեծցնել

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ դիմած են` մատակարարուող կազի ծաւալները տարեկան երեք միլիառ խորանարդ մեթրով մեծցնելու համար:

Ըստ անոր, որպէսզի իրականանայ Թուրքիոյ ցանկութիւնը, պէտք է մեծցնել կազատարի կարելիութիւնները:

«Մենք այժմ համաձայնած ենք, որ «Կազփրոմ»-ը ուսումնասիրէ կապոյտ վառելանիւթի մատակարարման թեքնիք կարելիութիւնները մեծցնելու հարցը: Կան նաեւ այլ տարբերակներ, մասնաւորաբար` Արեւմտեան միջանցքը», ըսած է Նովաք:

Բացի ատկէ, նախարարը ընդգծած է, որ այդ հարցով շօշափելի որոշումներ տակաւին չկան: Այժմ «Կազփրոմ»-ի կազի արտահանման ծաւալները կը կազմեն տարեկան 27 միլիառ խորանարդ մեթր:

«Ռոսաթոմ» ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Քիրիենքօ յայտարարեց, որ թրքական «Աքքույու» հիւլէական կայանի առաջին պլոքը պատրաստ պիտի ըլլայ 2019-ին, իսկ նախագիծը ամբողջութեամբ պիտի աւարտի 2022-ին:

«Ռոսաթոմ»-ն ու Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը միացեալ յայտարարութիւն ստորագրած են հիւլէական նախագիծին վերաբերեալ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անցեալ երկուշաբթի օր Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսիա պատրաստ է «Աքքույու» հիւլէական կայանի կառուցումը լիովին ֆինանսաւորելու:

Ըստ անոր, նախագիծի ներդրումը պիտի կազմէ քսան միլիառ տոլար, իսկ այդ միջոցներուն 25 առ հարիւրը պիտի ուղղուի Թուրքիոյ մէջ աշխատատեղերու ստեղծման:

Փութին ընդգծած էր, որ Թուրքիան հետաքրքրուած է ծրագիրի գործադրութեամբ եւ արդէն աւելի քան 100 թուրք ուսանող Ռուսիոյ մէջ դասընթացքներու կը հետեւին` աշխատելու համար հիւլէական կայանին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES