Համաս Եւրոպական Միութեան Դիմած Է` Շարժումը Ահաբեկչական Կազմակերպութեանց Ցուցակէն Դուրս Բերելու Խնդրանքով
Vesti.ru կայքէջը` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ պաղեստինեան Կազայի մէջ կառավարութեան ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէն դիմած է Եւրոպական Միութեան` առաջարկելով Համաս շարժումը հանել միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն, որուն վրայ գտնուող կազմակերպութիւններուն դէմ կը գործեն Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները:
«Ժամանակն է պաղեստինեան դիմադրութեան կազմակերպութիւնը հանելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն», յայտարարած է ան Կազա այցելող Եւրոպական Միութեան երեսփոխաններու հետ հանդիպումի ժամանակ` նշելով, որ «Համաս ազգային ազատագրական շարժում մըն է, որ կը գործէ բացառապէս Պաղեստինի սահմաններուն մէջ»:
Ըստ Հանիյէի պաշտօնական ներկայացուցիչին, Համաս կը ջանայ «եւրոպացի ղեկավարներու հետ ուղիղ երկխօսութեան սկսիլ»: «Երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է, հաւանական է, որ մենք շարք մը հարցերու շուրջ փոխենք մեր տեսակէտը, հաւանական է, որ ատիկա պիտի ընեն նաեւ եւրոպական երկիրները», նշած է ան:
Եւրոպական Միութիւնը Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն յայտարարած է 2003-ին, երբ կազմակերպութիւնը Իսրայէլի մէջ շարք մը ահաբեկչական յարձակումներ կատարեց:


