«Գերմանական «Առ. Տապըլիու. Ի.»-ն «Նապուքօ»-Էն Դուրս Գալու Շուրջ Բանակցութիւններ Կը Վարէ» Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ուժանիւթի գերմանական «Առ. Տապըլիու. Ի.» ընկերութիւնը մտադիր է լքել «Նապուքօ» կազատարի նախագիծը:
Օրաթերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը գրէ, որ Ռուսիան շրջանցելով Եւրոպական Միութեան կազ մատակարարելու նպատակով կազատարի բաժնետոմսերու թղթածրարի սեփականատէր կրնայ դառնալ աւստրիական «Օ. Էմ. Վի.» ընկերութիւնը:
Գերմանական եւ աւստրիական ընկերութիւնները օրաթերթին պաշտօնական ոչ մէկ մեկնաբանութիւն տուած են նախագիծի մասնակիցներու փոփոխութեան վերաբերեալ: Մայիսին կը հաղորդուէր, որ գերմանական ընկերութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ «Նապուքօ» միջազգային համախմբման իր մասնակցութեան նպատակայարմարութեան հարցը:
Ապրիլի կէսերուն «Առ. Տապըլիու. Ի.»-ի ղեկավար Եուրկըն Կրոսման յայտարարած էր, որ իր ընկերութիւնը կրնայ փոխել «Նապուքօ»-ի շինարարութեան մասնակցութեան վերաբերեալ իր ծրագիրները:
Հաւասար` 16.67 առ հարիւր բաժնետոմսերով ներկայիս նախագիծի մասնակից 6 ընկերութիւններն են հունգարական «ՄՈԼ»-ը, աւստրիական «Օ. Էմ. Վի»-ն, թրքական ՓՈԹԱՇ-ը, պուլկարական «Պուլկարկազ»-ը, ռուսական «Թրանսկազ»-ը եւ գերմանական «Առ. Տապըլիու. Ի.»-ն: Նախագիծին միանալու մտադրութիւն յայտնած է նաեւ գերմանական «Պայերնկազ» ընկերութիւնը: Կազատարի շինարարութիւնը կը նախատեսուի սկսիլ 2013-ին:

