Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահլի Պըրժ Ռահհալ – ՀՄԸՄ` 1-2

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ահլի Պըրժ Ռահհալ – ՀՄԸՄ մրցումը:

ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը երեք մրցումէ ապահոված էր 7 կէտ (2 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը), արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը:

Թէեւ մրցակից կազմը 15-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Սագօ Ապաճեան իւրաքանչիւր կիսախաղի կոլ մը նշանակելով (20-րդ եւ 70-րդ) երեք կէտ ապահովեց ՀՄԸՄ-ին:

Այժմ ՀՄԸՄ 10 կէտով կը գրաւէ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը:

Շաբաթ օրուան մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Յարութ Սարգիս – Վարդան Պոյաճեան, Վարդան Գոշոյեան, Յովիկ Իզմիրլեան, Ալեք Ալճեան – Ճոնի Քոնճեան, Սագօ Ապաճեան, Յակոբ Նաճարեան, Մամաս Քէհէեան – Սագօ Ազնաւուրեան եւ Յակոբ Տօնապետեան:

Share this Article
CATEGORIES