Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթանակով Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` հիւրընկալելով «Էօ. Էն. Պէ.»-ն:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթանակով սկսան նոր տարեշրջանը, երբ 71-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-16, 19-10, 22-20 եւ 14-17:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (24), ապա յաջորդաբար` Մարիօ Ապպուտ (15), Ռալֆ Աքըլ (11), Երուանդ Աւագեան (7), Ճօ Ղաթթաս (5), Ռոպեր Պու Տաղեր (4), Յարութ Տեկիրմենճեան (3) եւ Ռամզի Աքըլ (2):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Լիբանանեան բանակի հաւաքականը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին: