«Կապալայի Ռատարի Հարցին Շուրջ Մինչեւ Տարեվերջ Որոշում Պիտի Տրուի» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Կապալայի ռատարի կայանը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Կապալայի ռատարի կայանի հարցին շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Անոնք թէեւ փակ ձեւաչափով կ՛ընթանան, սակայն քննարկումները կը շարունակուին:

Ան նշած է, որ մինչեւ տարեվերջ հարցը պէտք է անպայման լուծում ստանայ, որովհետեւ Կապալայի ռատարի կայանի վարձակալութեան ժամկէտը կ՛աւարտի:

Նշենք, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները քանի մը ամիսէ ի վեր կը շարունակուին, սակայն կողմերը չեն յաջողիր համաձայնութիւն գոյացնել:

Share this Article
CATEGORIES